Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Հայ Պատանին Կենցաղը Հեշտացնող Մարդ-մեքենայ Ստեղծած է

11-ամեայ Դաւիթ Պաղտասարեանը մարդ-մեքենայի (robot) շինութեամբ կը հետաքրքրուի արդէն քանի մը տարիէ: Անոր  ստեղծած դեռ միակ տարբեր աշխատանքներ կատարող մարդ-մեքենան կրնայ վերցնել, տեղափոխել եւ տեղադրել առարկաները, ինչպէս նաեւ կարդալ եւ հարցերու պատասխանել: Ան ունի նաեւ տեսախցիկ:

«PanArmenain.net»-ին Դաւիթը պատմած է, որ մարդոց կենցաղը հեշտացնող մարդ-մեքենայ ստեղծելու մասին շատոնց կ’երազէր:

«Մարդ-մեքենայ ստեղծելու բազմաթիւ գաղափարներ յառաջացան «Աղուէս» ծրագիրը սորվելու ընթացքին, եւ ես որոշեցի որքան հնարաւոր է շատ բան իմանալ այս բնագաւառի մասին»,-ըսած է ան:

Դաւիթը տարբեր աշխատանքներ կատարող մարդ-մեքենան պատրաստած է նախապէս իր սարքած քանի մը այլ մարդ-մեքենաներու համադրութեամբ: «Երկու ամսուան մէջ պատրաստած եմ մարդ-մեքենան` Arduino IDE եւ Snap4arduino ծրագիրներու միջոցով»,- ըսած է ան:

Պատանին մտադիր է կատարելագործուիլ մարդ-մեքենաշինութեան բնագաւառին մէջ: Այժմ ան կը պատրաստուի բերք հաւաքող մեքենայ ստեղծելու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին