Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19-ին, “Terrace” ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ մը՝ նուիրուած Իրաքահայ վաստակաւոր գործիչ եւ գրագէտ ճրտր. Համբարձում Աղպաշեանի։ Երեկոն կազմակերպուած եւ հովանաւորուած էր Իրաքահայ բարերար Յակոբ Ղարնաղարեանի եւ Ղարնաղարեան ընտանիքին կողմէ։
Մենար Պետրոսեան-Աղպաշեան կատարեց օրուան բացման խօսքը, ուր նախ նշեց Ղարնաղարեան ընտանիքին կատարած բարեգործութիւնները, ապա ներկայացուց մեծարեալին կենսագրականը՝ յիշելով անոր տարած տասնեակ տարիներու աշխատանքը Իրաքահայ համայնքէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր տարած գործունէութիւնը։ Համբարձում Աղպաշեան յօդուածագիրը հեղինակ է երեք գիրքերու, որոնցմէ առաջինը լոյս տեսած է 2015ին՝ անգլերէնով, երկրորդը 2016ին եւ 2017ին՝ (երկրորդ տպագրութեամբ) հայերէնով, իսկ երրորդ հատորը պատրաստ է տպագրութեան:
Նազիկ Տագէսեան-Պետրոսեան հանդէս եկաւ իր սրտի խօսքով՝ վեր առնելով Աղպաշեանի ղեկավարած մշակութային, կրթական, թատերական եւ այլ աշխատանքները. ան նաեւ կատարեց Գուսան Աշոտի «Սէրս վանքում Տաթեւի» երգը՝ Շիրակ Պետրոսեանի նուագի ընկերակցութեամբ:
Իր կարգին, օրուան մեծարեալը խօսք առնելով՝ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Ղարնաղարեան ընտանիքին եւ մասնաւորապէս Յակոբ Ղարնաղարեանին՝ յիշելով, որ Յակոբ եւ Մինաս Ղարնաղարեան եղբայրները իրենց բարեգործութեան ոգին ժառանգած են իրենց մեծ հօրմէն եւ հօրմէն՝ հանգուցեալներ Մինաս եւ Յովհաննէս Ղարնաղարեաններէն, իսկ այսօր անոնք ընտանիքին ջահակիրներն են՝ շարունակելով այդ բարեգործական նախաձեռնութիւնները։ Ապա անդրադառնալով օրուան հովանաւորին արժանիքներուն՝ մեծարեալը ըսաւ. «Յակոբ Ղարնաղարեան Իրաքահայ գաղութի ամենափայլուն գործատէրերէն մէկն է եւ բարձր համբաւի տէր անձ մը՝ թէ՛ Իրաքի, թէ՛ Արաբական Էմիրութիւններու եւ թէ՛ ամբողջ շրջանին մէջ, եւ հակառակ իր գերզբաղ առօրեային՝ ան ժամանակ կը յատկացնէ ամէն տարի գնահատելու ու մեծարելու Իրաքահայ վաստակաւոր անձնաւորութիւններ», շեշտելով, որ ինք պատիւը ունի այդ ցանկին վրայ ըլլալու:
Վերջապէս, խօսք առաւ օրուան հովանաւոր Յակոբ Ղարնաղարեանը՝ անդրադառնալով Աղպաշեանի ազգային նուիրեալ աշխատանքին՝ հայկական եւ յատկապէս Իրաքահայ իրականութեան մէջ։ Ան լոյսի տակ առաւ մեծարեալին հեղինակած գիրքերը՝ շեշտելով, որ բազմաթիւ իրաքահայեր յաջող գործատէրեր դարձած են, սակայն, ըստ իրեն՝ Աղպաշեան միակ Իրաքահայն է ներկայիս, որ հեղինակած է այդ թիւով գիրքեր մեր պատմութեան մասին: Խօսքի աւարտին, ան յուշանուէր մը յանձնեց օրուան մեծարեալին:
Երեկոն շարունակուեցաւ ճոխ մթնոլորտի մէջ, իսկ ներկաները վայելեցին հայկական երգն ու երաժշտութիւնը եւ համադամ ճաշերը: