Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Չեխահայ Ձեռնարկատէրը Թուրքիոյ Մէջ Յաղթանակ Տարաւ

Չեխիոյ մէջ գործող յայտնի «մառլենկա Ինթերնեշընլ» ընկերութիւնը, որուն սեփականատէրը ձեռնարկատէր՝ Գէորգ Աւետիսեանն է, մէկ տարուան բանակցութիւններէն ետք յաղթեց գերմանական հանրայայտ Dr.Oetker ընկերութեան Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան, որ թրքական շուկայի մէջ կը վաճառէր «մառլենկա» թխուածքի պատրաստման փոշին` նոյն անուանումով ու տեսքով: Լուսանկարի մէջ` ձախէն իրական «մառլենկա»-ն, աջէն` կեղծ «մառլենկան»։

Ինչպէս Օրեր-ուն տուած հարցազրոյցին, ըսած է ընկերութեան սեփականատէր՝ Գէորգ Աւետիսեան, դեռ 2016 թուականի աւարտին Թուրքիոյ մէջ գործող իրենց առեւտրային գործընկերները ահազանգած են, որ խանութներու մէջ եւ մեծ հանրախանութներու մէջ յայտնուած է  «մառլենկա» թխուածքի պատրաստման փոշին` Dr.Oetker ապրանքանշանով:

Մէկ տարի անց մենք կրցանք յաղթել Dr.Oetker-ի թրքական ներկայացուցչութեան եւ ստիպեցինք շուկայէն հանել կեղծ «մառլենկա»-ները,- զրոյցի ընթացքին ըսած է Գէորգ Աւետիսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին