Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Թալիշը Ոտքի Կը Կանգնի

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

     Սեպտեմբեր 10-ին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը մեկնած է Թալիշ՝ գիւղի վերականգնման աշխատանքներուն ընթացքը տեղւոյն վրայ գնահատելու համար: Մինչեւ տարեվերջ՝ Թալիշի մէջ պատրաստ պիտի ըլլան քանի մը առանձնատուն եւ հասարակական նշանակութեան շինութիւններ:

     Մինչեւ Թալիշ մեկնիլը՝ Արցախի նախագահը մտած է Ալաշան: Այստեղ հաւաքուած են տեղահանուած թալիշցիներէն շատերը: Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր բնակավայրերու մէջ ապաստանած ընտանիքներն ալ աստիճանաբար կը վերադառնան, կը միանան Ալաշանի մէջ հաւաքուած համագիւղացիները: Վերջին շրջանին այստեղ տեղադրուած են 20 տնակներ, ուր տեղաւորուած է նոր վերադարձած 16 ընտանիք:  «Այդ ընտանիքներուն մէջ նաեւ բազմազաւակ՝ 7-8 հոգինոց ընտանիքներ կային: Այնպէս որ, ստիպուած եղած ենք նման ընտանիքներուն տրամադրել երկուական տնակ»,- կը պատմէ Թալիշի համայնքի ղեկավար Վիլէն Պետրոսեանը: Վերադառնալ ուզողները աւելի շատ են: Յառաջիկային Ալաշանի մէջ տնակներուն թիւը պիտի աւելնայ եւս 10-ով:

       Ալաշանի մէջ թալիշցիները յանգրուանած են ժամանակաւոր կերպով՝ մինչեւ Թալիշի վերականգնումը: Թալիշի մէջ ներկայիս կ՝աշխատի եօթը շինարարական ընկերութիւն: Շինարարութեան ընթացքին Արցախի նախագահը ծանօթացած է շինարարական հարթակին վրայ: Սեղանին Թալիշի մէջ կառուցուող եւ կառուցուելիք շէնքերու նախագիծերն են: Շինարարութիւնը կը սկսի երկրի ղեկավարի հաւանութեան արժանանալէն ետք միայն: Բակօ Սահակեանին զեկուցած են կատարուած աշխատանքներուն մասին: «Մենք տուներ ունինք, որոնք մօտ օրերս պիտի յանձնուին շահագործման՝ բոլոր յարմարութիւններով հանդերձ: Ատոր զուգահեռ՝ մենք աւարտին հասցուցած ենք ջրամատակարարման համակարգի իրականացման առաջին փուլը՝ այսինքն ներքին ցանցի եւ խողովակներու գիծեր անցնելու աշխատանքները, տեղադրած ենք դիտահորեր, ջրաչափեր: Այսինքն, ինչպէս իրականացուցած ենք Ստեփանակերտի մէջ»,- կը թուարկէ Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարի պաշտօնակատար Կարէն Շահրամանեանը:

     Գլխաւոր շինարարական հրապարակը, այս պահուն, գիւղի կեդրոնական հատուածն է: Այնտեղ կողք կողքի կը կառուցուին համայնքային կեդրոնը, մանկապարտէզը, դպրոցն ու հանդիսութիւններու տունը: Մէկ մասը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ տարեվերջ: «Այս տարի աւարտական պիտի ունենանք երկու շինութիւն՝ համայնքային կեդրոնը եւ հանդիսութիւններու դահլիճը: Ատոր զուգահեռ սկսած են մանկապարտէզի նոր շէնքին եւ դպրոցի նոր շէնքին կառուցման աշխատանքները»,- կը վստահեցնէ քաղաքաշինութեան նախարարի պաշտօնակատարը:

     Լրացուցիչ ուժերու անհրաժեշտութեան պարագային Բակօ Սահակեանը առաջարկած է աւելցնել շինարարներու թիւը: Լայն թափով կ՝ընթանայ բնակարաններու շինարարութիւնը։ 17 բնակարան նախատեսուած է վերանորոգել առաջին փուլով: Յանձնարարականները պատասխանատուները ստացած են Թալիշի մէջ իրականացուած խորհրդակցութեան ժամանակ: Թալիշի վերականգնման հետ, կը սկսին նաեւ գիւղի տնտեսական զարգացման ծրագիրները:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին