ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Ստեփանակերտի մէջ բացուած է Հայ Օգնութեան Միութեան «Սօսէ» մանկապարտէզը: Նորակառոյցին շինարարութիւնը Արցախի մէջ ՀՕՄ-ի ամենամեծ ծրագիրն է, որուն մասնակցած են հարիւրաւոր բարերարներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը, պաշտօնատար այլ անձեր եւ հիւրեր արտերկրէ:
Գործունէութեան 19-րդ տարին, Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզը աշխատանքները սկսած է ամբողջովին նոր պայմաններու մէջ: Նոյն վայրին մէջ, տարիներ շարունակ, գործած մանկապարտէզին շէնքը վթարային էր, եւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը որոշած է այստեղ կառուցել նոր շէնք: Նախակրթարանի տնօրէնը կը յիշէ նախկին տարիներուն դժուարութիւնները: Ամէն ինչ յաղթահարած են հայ կնոջ վայել լաւատեսութեամբ եւ սերունդներ դաստիարակած, նաեւ իրենց սուղ պայմաններով, կը վստահեցնէ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի տնօրէն Նելլի Ղուլեանը:

Մանկապարտէզի նոր շէնքը կառուցուած է նախկին շէնքին տեղը՝ ՀՕՄ-ի քսանէ աւելի երկիրներու մէջ գործող շրջաններու նուիրատուութիւններով, որոնց արդիւնքով՝ Արցախի մէջ «Սօսէ» մանկապարտէզներուն թիւը կը հասնի 8-ի: Անոնց դերակատարութիւնը, ի սկզբանէ, մեծ է Արցախի նախադպրոցական կրթութեան ոլորտին մէջ: Ասիկա Արցախի Հանրապետութեան նախագահին գնահատականն է: Բակօ Սահակեանի խօսքով՝ այսպիսի ձեռնարկներով կ’ամրանայ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը: Մանկապարտէզի նորակառոյց շէնքին օրհնութեան կարգը կատարած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան:
Եռայարկ շէնքը ամբողջութեամբ կահաւորուած է «Հայ դպրոց» հիմնադրամին հովանաւորութեամբ: Նորաբաց մանկապարտէզը ունի 120 աշակերտ ընդունելու հնարաւորութիւն: Շէնքին մէկ մասն ալ կը նախատեսուի յատկացնել արտադասարանային աշխատանքներուն:






