Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Հուսկ Բանք Արտասանուած Տիար Պերճ Արապեանի Կողմէ Վահան Թէքէեան Վարժարանի Շրջանաւարտից Հանդէսին Օրը

Բանաստեղծութեան ԻՇԽԱՆՆ է Վահան Թէքէեան:

Իշխանական դպրոցի մը, այլ եւ  Իշխանական Լուսատու՛ կրթօճախի մը աշակերտները ըլլալէ ետք, աւարտականներն էք այսօր:

            Շատ յաճախ եւ գրէթէ ամէն օր տողանցեցիք հայ մեծանուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի կիսանդրիին մօտէն, շատ հաւանաբար ալ նկատեցիք կամ ոչ, թէ՜ ինչքան խորիմաստ եւ մեծ խորհուրդ մը կայ հո՛ն գրուած ուր կ’ըսէ՝

«Եթէ կրնաս բարձրացիր, բայց գիտե՞ս ու՞ր, մինչեւ ու՞ր,

Եւ քեզի հետ ուրիշներն եթէ կրնաս բարձրացուր…»:

Նոյն բանաստեղծութեան ընդմէջէն կը խորհրդածէ ըսելով՝ 

«Պիտի մսիս ու թողաս, մնաս մենակ խե՜ղճ տղաս». (ըլլան անոնք մանչ թէ աղջիկ):

            Electronic-ի մոլութիւններով լեցուն այս դարուս մէջ, գիտցէք արժէքը մա՛րդ արարածին: Ինչքան ալ որ նիւթական կամ բարոյական բարձունքներ նուաճէք կեանքի մէջ, որքան ալ որ բարձրանաք,  չմոռնաք ձեզի հետ միասին բարձրացնելու, արժեւորելու եւ ձեր շուրջ պահելու ձեր ընկերները, դասընկերները, ուսուցիչ- ուսուցչուհիները, ծնողները, գործակիցներն ու շրջապատը:

            Տնտեսագիտութեան՝ economics-ի մէջ անգամ, ամէնէն կարեւորն ու արժէքաւորը ոսկին, դրամը, ադամանդը չեն, այլ ՄԱ՛ՐԴ արարածը, որ գիտէ այդ բոլորը արժեւորել եւ գնահատել:

            Լա՛ւ իմացէք որ կեանքի մէջ որքան ալ բարձր դիրքերու հասած ըլլաք, մինակ մնացողը պիտի մսի ու դողայ: Ոչ ipad-ը, ոչ iphone-ը, եւ ոչ ալ ելեկտրոնային  աշխարհի բոլոր գիւտերը,  այլ միայն ու միայն մարդ արարածն է որ կու տայ ձեզի կեա՛նք, սէ՛ր, տաքութիւն, հոգեկան խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն:

* *  *

            Թոյնն ու դեղը իրենց չափին մէջն են:  Դեղին շատը թոյնի կը վերածուի, իսկ թոյնին քիչը՝ դեղ է: Եղէք չափաւոր ձեր բոլոր շարժումներուն, սովորութիւններուն, խաղերուն եւ բարքերուն մէջ: Փորձեցէ՛ք մոլութեան  չվերածել ամէնէն շատ սիրուած խաղն անգամ: Որքան ալ որ օգտակար են նորարարութիւններն ու գիւտերը, անոնց մոլութիւնը աւերիչ ու քանդիչ է:

* *  *

            Զարգացած ըլլալու մեծագոյն միջոցը՝ ինքնազարգացումն է: Մի՛ ընդունիք միայն հրամցուածը, պրպտումներն ու ընտրութիւնը դուք ըրէք, անձա՛մբ: Վստահ եղէք որ կրնաք զարգանալ միայն ու միայն ինքնաշխատութեամբ եւ թէ՝ Կեանք մը ամբողջ բաւարար կրնայ չըլլալ լիիրաւ զարգացած ըլլալու համար:

            Կեա՛նքը ինծի սորվեցուց թէ պատուական է Հայկականը, եւ թէ վսեմագոյն կրօնն է Քրիստոնէութիւնը: Հաւատալով Քրիստոնէութեան ուսուցանած      վարդապետութեան, ամէն Կիրակի եկեղեցի կը յաճախեմ: Քարոզները՝ ուշի ուշով մտիկ կ’ընեմ, սակա՜յն այն ինչ որ Աւետարանը անձամբ կարդալով իմացայ, բոլորովին անսպասելին էր 60 երկար տարիներու ընթացքին լսածներէս:

            Մե՜ծ թէ փոքր ո՛չ մէկ կղերական խօսած էր այդ մասին: Ոչ մէկ հրատարակութիւն,  հեռատեսիլէն կամ ձայնասփիւռէն սփռուող ոչ մէկ յայտագիր տեղեկացուցած կամ լուսաբանած էր զիս: Կրցայ իմանալ գաղտնիքը միայն ու միայն երբ անձա՛մբ կարդացի Աւետարանը:   Այո՛, վերջապէ՛ս իմացայ, բայց շատ ուշ էր կեանքիս պատմութիւնն ու ընթացքը փոխելու համար:

            Թերեւս ուզէք հարց տալ գիտնալու համար թէ ի՞նչն էր այդ: Պիտի վերապահեմ ինծի, որպէսզի դու՛ք ալ նախաձեռնէք, կարդա՛լ, պրպտե՛լ եւ ուսումնասիրել ոչ միայն Աստուածշունչն ու Աւետարանը այլ՝

Հայ թէ օտար գրականութեան Աւետարանները,

Հայ թէ օտար բանաստեղութեան Սուրբ Գիրքերը,

Հայ թէ օտար արուեստի, գիտական կամ ոչ, ձեր նախասիրած որեւէ նիւթ:

            Պեղելու համար պրպտեցէք անձամբ դու՛ք, ձե՛զ հետաքրքրողը, շահա- քրքրողը, որպէսզի այդպէ՛ս կարենաք որոշել կամ շարունակել ձեր կեանքի ընթացքն ու ճանապարհը:

            Անհամար է թիւը, Վահան Թէքէեանի տուած խորհուրդներուն եւ  խրատականներուն: Նշանաւոր մէկ այլ ոտանաւորի մը մէջ, բանաստեղծներու Իշխանը «Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց» հարցումէն ետք, կը պատասխանէ ըսելով. «ինչ որ տուի՛ ուրիշին, տարօրինակ ա՛յդ միայն»:

            Ձեր տարիքին, նոյնիսկ եւ մեր տարիքը եղող շատ շատերուն համար դժուար հասկնալի եւ տարօրինակ է անշուշտ՝ թէ ինչպէ՞ս «ուրիշի՛ն տուածդ, կը մնայ քեզի՛»:

            Այո, կը մնա՜յ ու կեանք մը ամբո՜ղջ կը մնայ, ձեր պատուարժան տնօրէնուհիին եւ բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն ձեզի տուած գիտութիւնը, նուիրումը, աշխատանքն ու զոհողութիւնները: Երախտապա՛րտ մնացէք, պատուի արժանի ձեր տնօրէնուհիին, ուսուցիչ ուսուցչուհիներուն, որովհետեւ ձեր տուած երախտագիտութիւնն է միայն որ պիտի շարունակէ մնալ:

            Աշխարհ մը ամբողջ հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցուն է ձեր ծնողներուն սիրտերն ու հոգիները այսօր: Ուրախ են եւ երջանիկ, որովհետեւ իրենց պիտի մնայ ձեզի տրուած կեա՛նքը, գուրգուրանքը, հոգատարութիւնն ու զոհողութիւնները:

            Սիրելի Աւարտականներ,

Ձեր կեանքի երջանիկ օրերէն մին է այսօր:  Անհամար, բազմաթիւ ու շատ ըլլան ձեր կեանքի երջանիկ օրերը,  բայց զգուշացէք գիտութեան լաւագոյն դեղն ու դարմանը մոլութեան վերածելով ձեր երջանկութիւնը խաթարելէ:

            Տա՛յ Աստուած որ բարձրագոյն վկայականներու արժանանաք, բայց ձեր ականջին մէջ թող միշտ հնչէ՛ Վահան Թէքէեանի խորհուրդը թէ՝ պիտի մսիք ու դողաք եթէ բարձունքներու հասնիք բայց մնաք մենա՜կ:

            Ինչպէս որ երկար տարիներ երգեցիք այս լուսատու յարկին տակ, աշխատեցէք անվեհեր, խանդավառ ոգիով ցանկացէք միշտ բարձր, լուսատենչ ու պայծառ միտքով պատրաստ եղէք յաղթահարելու կեանքին հրամցուցած անհամար դժուարութիւնները:

            Մինչ այդ՝ ամենայն բարիք ու բարի երթ ձեզի, բարձրէն բարձրագոյնի՛ն հասնելու համար:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին