Պաքուի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը օրինաչափ դարձուցած է մերձճակատային խաղաղ բնակավայրերուն մէջ իր կրակային խոցման միջոցները տեղակայելու եւ այդ կրակակէտերէն արցախեան դիրքերու ուղղութեամբ նախայարձակ գործողութիւններ իրականացնելու փորձը: Այս մասին յայտարարած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեան «Ինթըրֆաքս» գործակալութեան տուած մեկնաբանութեան ընթացքին:
«Թաքնուելով սեփական բնակչութեան թիկունքին եւ վերջիններս դարձնելով կենդանի վահան, հակառակորդը կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային իրաւունքի կանոնները: Եթէ հակառակորդը խաղաղ բնակչութեան մէջ կորուստներ ունեցած է, ապա ստիպուած ենք ափսոսանք յայտնելու», – նշած է ան, անդրադառնալով Ալխանլու գիւղին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին, որու ժամանակ երկու ազրպէյճանցի քաղաքացի զոհուած է:
«Միեւնոյն ժամանակ ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարեմ, որ ինչպէս առայսօր, այնպէս ալ այսուհետեւ Արցախի զինուած ուժերը պիտի շարունակեն լիարժէք օգտուիլ պաշտպանուելու իրենք իրաւունքէն եւ անհրաժեշտութեան պարագային հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւններուն տալ թիրախային եւ անհամարժէք պատասխան», – ըսած է Մնացականեան:






