spot_img

ԼՂ Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորման Բանակցութիւնները Այլընտրանք Չունին. Էդուարդ Նալպանտեան

Հայաստանը երբեք չէ հրաժարած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններէն:

Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ Ազգային ժողովի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, այս մասին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան` պատասխանելով այն հարցին, թէ Յուլիս 4-ին ազրպէյճանական կողմի սադրանքէն յետոյ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպում կը սպասո՞ւի: «Հայաստանը երբեք չէ հրաժարած բանակցութիւններէն, թէ՛ ամենաբարձր մակարդակով, թէ՛ նախարարներու մակարդակով: Ես քանի մը օր առաջ ըսած եմ` բացառուած չէ, որ Յուլիսին արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում ըլլայ: Բանակցութիւնները այլընտրանք չունին»,- ընդգծած է Նալպանտեանը:

Անդրադառնալով Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ իրավիճակի լարման յաջորդած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու յայտարարութեան` Նալպանտեան ընդգծած է, որ համանախագահները անմիջապէս պէտք է արձագանգէին, որ արդէն ըրած են: «Բայց մինչեւ այդ արձագանգը մենք խօսած էինք թէ՛ եռանախագահներու, թէ՛ Անճէյ Գասփշիկի հետ»,- ընդգծած է Նալպանտեանը:

Ազրպէյճանական կողմը սկսած է շահարկել 2-ամեայ երեխայի մը մահը: «Դիւանագիտութիւնը մամուլով եւ հեռուստատեսութեամբ չի վարուիր: Ինչքան կրնանք իրազեկել այդ մասին, կ’իրազեկենք: Երէկ թէ՛ նախարարութեան մամուլի խօսնակի, թէ՛ արտաքին գործոց փոխնախարարի յայտարարութիւնները մեր արձագանգն էր ազրպէյճանական սադրանքին եւ կը պատասխանէր բոլոր հարցերուն»,- եզրափակած է Նալպանտեանը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին