*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ինչպէս գիտես, սիրելի՛ ընթերցող, Պէյրութի ժողովրդային թաղերու ամէն անկիւն կարելի է հանդիպիլ համեստ սրճեփի մը, որ իր կառքին կամ ինքնաշարժին վրայ, երբեմն ալ շատ փոքր կրպակի մը մէջ մեքենայ մը դրած՝ սուրճ կը պատրաստէ ու համեմատաբար յարմար գինով զայն կը սպասարկէ իրեն դիմող շարժավարներուն, շուրջի խանութներուն եւ շատ յաճախ ալ փողոցները պարապ պտտող մարդոց: Ան օրը երբեմն քանի մը հարիւր գաւաթ սուրճ կը պատրաստէ: Այդ է իր գործը:
Բայց եկուր տես, որ ան իր սրճամանը ձեռքին, կը յաւակնի խելք բաժնել, թէ օրինակի համար, Հայաստանի նախագահը ինչպէ՞ս պէտք է աշխատի, նաեւ Վարչապետն ու նախարարները: Ան «գիտէ», որ այսինչ ֆութպոլիստը (որ արհեստավարժ եւ միլիոններ գանձող խաղցող մըն է), ինչպէ՞ս պէտք է գնդակը հարուածէր կոլ արձանագրելու համար տուեալ խաղի մը ընթացքին… Մեր սրճեփը այնպէս կը խօսի, որ ինք ամէ՜ն ինչ գիտէ…:
Սակայն խնդիրը գիտե՞ս ուր է սիրելիս, շատ յաճախ տուեալ սրճեփը իր հրամցուցած սուրճը շինել չի գիտեր…: Ահաւասիկ հոս է մեր խնդիրը: Կարգ մը մարդուկներ բոլորին գործ կը փորձեն սորվեցնել, փոխանակ իրենց գործը լաւ կատարելու…:
Կայ աւելի սարսափելին, սակայն: Սրճեփին աշխատած վայրին չորս կողմը հաւաքուած պարապ մարդիկ իրենք ալ ամէն ինչ «գիտեն»: Անոնք գիտեն թերթ խմբագրել, միութեան ատենապետին խելք տալ, դպրոցին տնօրէնը քննադատել, երկրին տնտեսական հարցերը լուծել եւ այլն, մինչ իրենք եթէ բամբասանքէն անդին բան մը արտադրել գիտնային, արդէն սրճեփին քով ի՞նչ գործ պիտի ունենային: Փուռերուն առջեւ ու մայթերուն վրայ ալ օրն ի բուն բոյն նետած մարդուկներուն պարագան ալ կարծեմ նոյնն է դժբախտաբար…:
Կը տեսնե՞ս, սիրելի՛ ընթերցող, թէ ու՞ր է մեր խնդիրը: Աւելի լաւ չ’ըլլա՞ր, որ այս մարդիկը գոնէ քիչ խօսին՝ իրենք զիրենք աւելի ծիծաղելի չդարձնելու համար:
ՅԳ. Միտքիս մէջ մասնաւոր մէկը չունիմ, բնականաբար: Ո՛չ ալ նպատակս սրճեփ մը անպատուել է, որոնց հանդէպ հակառակ իրենց տգիտութեան եւ մեծխօսիկութեան (բացառութիւնները յարգելի են) որոշ յարգանք մըն ալ ունիմ, որովհետեւ անոնք գոնէ կը փորձեն ճակտի քրտինքով իրենց համեստ օրապահիկը ապահովել: Անպայմանօրէն նոյնը չէ կարծիքս եւ կեցուածքս, անշուշտ այնտեղերը ժամավաճառ եղող պարապ պտտողներներուն մասին…: