Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Շաքարախտի Համաշխարհային Հիմնարկը 200,000 Տոլար Կը Նուիրէ Աչքի Խնամքի Հայկական Ծրագիրին

Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի մէջ մարդասիրական նախաձեռնութիւններ իրականացնող Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրը (The Armenian EyeCare Project), վերջին 25 տարիներուն ընթացքին հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներու ձրի սպասարկութիւններ մատուցած է եւ յատկապէս շաքարախտէ տառապող աւելի քան 3000 քաղաքացիներու կենսական ծառայութիւններ տրամադրած՝ կուրութենէ փրկելով զանոնք, ուստի, Շաքարախտի համաշխարհային հիմնարկը որոշած է 200,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարել Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրին։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Այդ գումարը պիտի օգտագործուի յատկապէս շաքարախտ ունեցողներուն աչքի հիւանդութեանց առաջքը առնելու եւ անոնց խնամք ապահովելու նպատակով՝ 2017-էն մինչեւ 2020 իրականանալիք ծրագիրներուն համար։

Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրի հիմնադիր տոքթ. Ռաճըր Օհանէսեան ողջունած է այս նուիրատուութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ բազմացնել ծրագիրին տրամադրելիք սպասարկութիւնները։

Յայտնենք, որ բարեգործական կազմակերպութեանց գործունէութիւնը արժեւորող Charity Navigator հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը, վերջերս իր բարձրագոյն արժեւորումը տուած էր Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրին։

Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել eyecareproject.com կայքը կամ դիմել (949) 933-4069 թիւին։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին