Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

«Թուֆէնքեան Հիմնադրամ»-ը Կ՚աջակցի Արցախի Վերաբնակեցուած Միջնաւան Քաղաքին

«Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի միջոցներով, Մարտ 28-ին, Արցախի ազատագրուած Միջնաւան քաղաք հասան վերաբարձ մեքենաներ, շրջանի գիւղացիներուն երկրագործական աշխատանքներուն օգնելու համար։ Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթը։

Մեքենաները Արաքսի ափին գտնուող Արցախի վերոնշեալ ազատագրուած տարածքի հողերը պիտի հարթեցնեն, մաքրեն եւ ցանքի պատրաստեն։ Միջնաւան հաստատուած գիւղացիները այդ հողերուն վրայ ցորեն, գարի եւ եգիպտացորեն պիտի ցանեն։ Համայնքը ունի 480 հեքթար անջրդի եւ 327 հեքգար ոռոգելի վարելահողեր։

Նշենք, որ 1995-ի Օգոստոս 8-ին Միջնաւանը վերաբնակեցումը սկսած է 15 հոգիով: Այսօր Միջնաւանի մէջ կ՚ապրի 123 ընտանիք, 483 հոգի։   Բնակչութիւնը կը զբաղի գիւղատնտեսութեամբ անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ։

Քաղաքի միջնակարգ  դպրոցին մէջ կ՚ուսանի մօտ 80 աշակերտ։

Միջնաւանի մէջ կը գտնուի համանուն անունով երկաթուղային կայարան, որով կ՚անցնի այժմ չգործող Ջուղա-Հորադիզ և Միջնաւան-Կապան երկաթուղային ճիւղերը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին