Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Երբեք Մի Մուտքագրէք Ձեր Գաղտնաբառերը Կողմնակի Յաւելուածներու Մէջ․ Սամուէլ Մարտիրոսեան

Տեղեկատուական անվտանգութեան փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան կը մանրամասնէ, թէ ինչպէս թշնամի երկրի կայքահէնները կը կոտրեն հայաստանցի օգտատէրերու դիմատետրի էջերը:

«Ազրպէյճանական կայքահէնները վերջին մէկ տարուան ընթացքին սկսած են թիրախաւորել հայկական դիմատետրի օգտատէրերը: Վերջին ամսուան ընթացքին կոտրուած են հարիւրաւոր էջեր (Profile):

Ինչո՞ւ համար անոնք կ’ընեն ատիկա: Յատկապէս, որպէսզի գան ու գրեն Ya zdes. Սակայն, նաեւ աւելի խելացի կ’օգտագործեն կոտրուած էջերը: Օրինակ, ռազմական գործողութիւններու ժամանակ՝ հայերու անունով կը տարածեն կեղծ տեղեկատուութիւն: Օրինակ, իբր հայկական կողմը ծանր մարտական կորուստներ ունի:

Իսկ իրենք ինչպէ՞ս կ’իրականացնեն այդ բոլորը, ինչպէ՞ս կը կոտրեն էջերը: Իրականութեան մէջ, դիմատետրի էջը կոտրելը բաւական բարդ գործ է: Եւ կը կոտրեն ոչ թէ դիմատետրը, այլ՝ օգտատէրը: Ամենաընդունուած ձեւը` fishing-ն է: Այսինքն, ձեւ, երբ մարդ ինքն իր ձեռքով կը նուիրէ իր գաղտնաբառը կայքահէններուն:

Ամենաթարմ ազրպէյճանական տարբերակը: Կը տարածեն յղում դիմատետրի հաւելուածի (application) վրայ: Ատիկա կրնայ ըլլալ խաղ, փործ ու նման որեւէ բան: Կարեւոր չէ: Կարեւորը այն է, որ սեղմողը կը յայտնուի նոր էջի մէջ, ուր իրեն կ’առաջարկեն կրկին ներմուծել իր մուտքանունը եւ գաղտնաբառը: Եւ, այսպէս, դուք ձեր ձեռքով նուիրեցիք ձեր գաղտնաբառը ազրպէյճանցի կայքահէնին:

Երբեք մի մուտքագրէք ձեր գաղտնաբառերը կողմնակի յաւելուածներու մէջ:

6

Կամ, ձեզ կը զգուշացնեն, որ ձեր էջը պիտի արգելափակուի, եթէ դուք որեւէ գործողութիւն չընէք: Իբր դիմատետրի անվտանգութիւնը կը դիմէ ձեզի: Ու կրկին, կ՝առաջարկեն յղում ընել ու մուտքագրել մուտքանունն ու գաղտնաբառը:

7

Դիմատետրը ձեզի երբեք չի դիմեր մեկնաբանութեան ձեւով: Նման պարագայի դուք կը ստանաք ներքին հաղորդագրութիւն: Ու կրկին ձեզմէ չեն ուզեր ներմուծել գաղտնաբառը այլ կայքի վրայ:

Որպէսզի ձեզ չկարենան կոտրել, հետեւեցէք քանի մը դիւրին, բայց ազդեցիկ քայլերու, որոնք նկարագրուած են այստեղ` «ինչպէս պաշտպանել դիմատետրի հաշիւը»:

Ընդհանուր համացանցի վրայ անվտանգ ըլլալու համար կրնաք ներբեռնել «Անձնական Կիբերանվտանգութեան Հիմունքները» գիրքս:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին