Հայաստան Համահայկահան Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ ,թէ Չորեքշաբթի՝ 7-12-2016 -ին տեղի ունեցած ռատիոթոն- դրամահաւաքին ընթացքին համայն Լիբանանահայութեան ջանքերով հանգանակուեցաւ 85,000 Ամերիկեան տոլար՝ ի նպաստ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով աւերուած Արցախի բնակավայրերու վերականգման եւ վերակառուցման աշխատանքներուն , ինչպէս նաեւ՝ Արցախի մէջ բնակող բազմազաւակ ընտանիքներուն բնակարաններու կառուցման ծրագիրին:
Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ հակառակ ամբողջ շրջանին եւ մասնաւորաբար երկրին մէջ տիրող ապահովական, քաղաքական եւ տնտեսական ոչ նպաստաւոր պայմաններուն, հայրենակերտումի եւ հայրենաշինութեան գործը իրեն համար կը մնայ գերադաս:
Վարձքը կատար բոլոր նուիրատուներուն եւ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց , որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս տարուան ռատիոթոն դրամահաւաքին:
Հայաստան Համահայկական
Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմին