Արդէն չորորդ տարին է, որ ամբողջ աշխարհէն Հայաստան հաւաքուած պատանիներ կը մասնակցին Թումօ ամառնային ճամպարին: Այս տարի ճամպարին մասնակցեցան 178 պատանիներ՝ Եւրոպայէն, ԱՄՆ-էն, Ռուսիայէն, ընդհանուր առմամաբ 20 երկիրներէն` ներառեալ Հայաստանը:
Ճամբարի 12-18 տարեկան մասնակիցները Երեւանի մէջ անցուցին մէկէն մինչեւ վեց շաբաթներ ու մասնակցեցան Թումոյի կրթական ծրագիրին` ստանալով հմտութիւններ՝ ֆիլմարտադրութեան, անիմէյշընի, կայքերու մշակման, խաղերու ստեղծման ու բազմաթիւ այլ բնագաւառներու մէջ: Մասնակիցները պտըտեցան նաեւ Հայաստանի տարբեր վայրեր, թանգարաններ այցելեցին ու մասնակցեցան ընկերական մարզական մրցումներու: Այս տարի ճամբարի ամբողջ վեց շաբաթներու ընթացքին մասնակցած երեք պատանիները ընտրուած ոլորտներուն մէջ ամէն շաբաթ ձեռք բերին աւելի ու աւելի խոր հմտութիւն ու փորձ:
Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եկած ուսանողներու համար ճամբարը հիանալի հնարաւորութիւն էր օգտուելու համար Թումոյի կրթական համակարգէն: Սակայն իրենց ձեռք բերածը չսահմանափակուեցաւ միայն քանի մը շաբաթներով: Ալավերտիէն՝ 15 տարեկան Սոնա Շահվերտեանը, ճամբարի ընթացքին կեդրոնացաւ լուսանկարչութեան եւ 3D ձեւաւորման վրայ. «Թումոն ինձ սովորեցրեց, որ միշտ պէտք է շարունակել սովորել: Դա մշտական ընթացք է, ու դու երբեք չես ունենայ բաւարար գիտելիքներ, ուղղակի պիտի պատրաստ լինես աւելին սովորելու»: Սոնան Հայաստանի ու Արցախի մասնակիցներուն հետ միասին մասնակցեցաւ Թումոյի կրթական ծրագիրին՝ ի շնորհիւ շարք մը անձանց ու կազմակերպութիւններու, որոնցմէ յիշենք Իրեն Գիւլնազարեանի անուան կրթական հիմնադրամը, HSBC դրամատունը, Ինգո Արմենիան, IDEA հիմնադրամը եւ այլ հովանաւորներ: Այս նուիրատուութիւններուն իբրեւ արդիւնք ճամբարին մասնակցեցան 43 պատանիներ: Հովանաւորութիւն ստացած պատանիները ոչ միայն Հայաստանէն էին, այլ նաեւ Եգիպտոսէն, Իսթամպուլէն եւ Կալկաթայէն, որոնց մասնակցութեան համար Սփիւռքի շարք մը անձիք ու կազմակերպութիւնները դրամահաւաք կազմակերպած էին:
Պոստոնցի 16 տարեկան Արամ Ֆըստըքճեանը ճամբարին մասնակցեցաւ երեք շաբաթ ու կեդրոնացաւ նկարչութեան եւ ռոպոթաշինութեան վրայ: «Թումոյում անցկացրած երեք շաբաթները իսկապէս լայնացրին իմ պատկերացումները: Առաջ ինձ թւում էր, որ նկարելը միայն թուղթ ու մատիտով է լինում: Նկարչական պլանշետին ծանօթանալուց յետոյ իմ պատկերացումները փոխուեցին»:
Թումոն անվճար արտադպրոցական ծրագիր է, որ իր ուսանողներուն հնարաւորութիւն կու տայ հմտանալ արուեստի եւ արհեստագիտութեան լաւագոյն ու ամենավերջին ոլորտներու մէջ: Ներկայիս Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը գործեն չորս կեդրոններ: Թումո ամառնային ճամբարի մասին աւելին իմանալու համար այցելեցէք https://tumo.org/camp-tumo/: