Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցով Խօսքը Ժողովուրդի Վստահութեան Քուէի Մասին է. «Միլլիէթ»

Թրքական «Միլլիէթ» պարբերականը անդրադարձած է Պոլսոյ հայկական համայնքին մէջ սպասուելիք պատրիարքի ընտրութիւններուն, կը գրէ tert.amը:

Պարբերականին հարցազրոյց տուած եկեղեցական խորհուրդի նախագահ, Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան նշած է, որ մօտ ապագային եկեղեցական խորհուրդի կողմէ լիազօրուած չորս անդամները ընտրութիւններու իրականացման վերաբերեալ որոշումը անձամբ պիտի ներկայացնեն Պոլսոյ նահանգապետարան, որմէ ետք համայնքը պիտի սպասէ ընտրութեան ամսաթիւի յստակեցման:

Մաշալեան նաեւ յստակեցուցած է, որ իրենք ոչ թէ պետութենէն թոյլտուութեան կը սպասեն ընտրութիւններու իրականացման համար, այլ` իշխանութիւններու կողմէ օրէնքով սահմանուած կարգով ընտրութեան ընթացք տալուն:

«Կ’ուզեմ յստակութիւն մտցնել. մենք պետութենէն պատրիարքի ընտրութեան համար թոյլտուութիւն չենք խնդրեր: Սա կրօնական հարց է: Ատիկա կառավարութեան գործունէութեան ծիրէն դուրս է: Մենք կը դիմենք օրէնքով սահմանուած կարգով ընտրութեան ընթացք տալու համար: Եւ նման պարագայի համապատասխան մարմինէն կը ստանանք ընտրութեան ժամկէտը յստակեցնող գրաւոր թոյլտուութիւն»,- պարզաբանած է Մաշալեան:

Թուրքիոյ հայ համայնքի պատրիարքի ընտրութիւններու գործընթացը ղեկավարող նախաձեռնող խորհուրդի փաստաբան Սեդրակ Դաւութհան յայտնած է, որ 8 տարի շարունակ մահաքունի մէջ գտնուող պատրիարք Մութաֆեանին պաշտօնանկ ընելու որոշումը եկեղեցական կանոններէ մեկնած կատարուածը ձեւական ընթացակարգ է միայն:

«Որքան ալ որ պատրիարքի ընտրութիւնը կրօնական ընտրութիւն համարուի` անիկա կը կատարուի աշխարհիկ ընթացակարգով: Այստեղ խօսքը ժողովուրդի վստահութեան քուէի մասին է», – ըսած է Դաւութհանը` յայտնելով, որ պատրիարք Մութաֆեանի` պաշտօնապէս թոշակի անցնելու որոշումը աւելի շատ ձեւական գործընթաց է եւ կապ ունի եկեղեցական ծիսակարգերու հետ:

«Ատոր կարիքն ալ չկար, «տէ ֆաքթօ» այդ տեղը դատարկ է: Հոգեւորականները ամէն ինչ եկեղեցական օրէնքներուն կը կապեն: Եթէ ատիկա ընդունելի համարենք, ապա այսպիսի հարց կ’առաջանայ. պատրիարքը արդէն թոշակառու է, պատրիարքի փոխանորդի կարգավիճակն ի՞նչ պիտի ըլլայ: Պաշտօնանկ եղած պատրիարքը փոխանորդ կրնա՞յ ունենալ: Օրինական չէ»,- յայտարարած է փաստաբանը:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 26ին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յայտարարած է ներկայիս պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին պաշտօնանկ ընելու որոշման մասին: Յայտարարութիւնը հրապարակուած է պատրիարքարանի պաշտօնական էջին վրայ:

Պատրիարք Մութաֆեան մահաքունի մէջ կը գտնուի 2008էն եւ փաստացի չի գործեր իբրեւ պատրիարք: Անոր փոխարէն այդ լիազօրութիւնները կը կատարէ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան, որ ընտրուած է ոչ թէ համայնքի, այլ պետութեան կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին