Թրքական լրատուամիջոցները դարձեալ սկսած են թիրախ դարձնելու քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանը: Թրքական «Ենի Աքիթ» ազգայնամոլ թերթին կայքը «ստոր համեմատութիւն» որակած է Փայլանի կատարած այն յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան իր կուսակցութեան համանախագահներուն եւ երեսփոխաններուն ձերբակալութիւնները նմանցուցած էր 1915ի Ապրիլ 24ին հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւններուն, կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:
Թերթի ուշադրութենէն չէ վրիպած այն իրողութիւնը, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան «Թուիթըր»ի (Twitter ) իր էջին վրայ Փայլանի յայտարարութիւնը վերահրապարակած է:
Միւս կողմէ, «Աքշամ» թերթը Նոյեմբեր 8ին գրած է, թէ Փայլան քիւրտ երեսփոխաններու ձերբակալութիւնը նմանցուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան, նմանապէս աւելցնելով, որ Փայլանի այս յայտարարութեան անմիջապէս զօրակցութիւն յայտնած է Արամ Համբարեան։ «Աքշամ» իր լրատուութեան իբրեւ խորագիր գործածած է հետեւեալը. «Հիմա Ալ Սփիւռքի՛ն Թիկունք Տուաւ»։
Թրքական այլ կայքեր նաեւ հրապարակած են քրտամէտ կուսակցութեան բանտարկուած համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն խմբանկարը, որուն ետին երեւցող քարտէսին մէջ, ըստ թրքական աղբիւրներուն՝ ներկայ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները (Արեւմտեան Հայաստան) ներառնուած են Հայաստանի Հանրապետութեան կազմին մէջ: