Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ «Մանչեսթըր եունայթըտ»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան պիտի նշանակուի Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի բարի կամքի ազգային դեսպան:
Ինչպէս «Արմենպրես»ին տեղեկացուցած է ԵՈՒՆԻՍԵՖի հայաստանեան գրասենեակի hաղորդակցման ծրագիրի ղեկավար Զառա Սարգսեան, արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 9ին ՀՖՖ Տեխնիկական կեդրոնի` Ֆութպոլի ակադեմիայի նիստերու դահլիճին մէջ:
Կէս դարէ աւելի է, երբ ԵՈՒՆԻՍԵՖի բարի կամքի դեսպանները աշխարհի մէջ ամէնուրեք կ’օգնեն երեխաներուն եւ կանանց՝ պաշտպանելու իրենց իրաւունքներն ու բարելաւելու կեանքը:
Երեխաներուն վերաբերող հարցերու մասին իրազեկելով եւ օգնելով միջոցներ հաւաքագրել` ԵՈՒՆԻՍԵՖի հետ աշխատող հանրաճանաչ մարդիկ յստակ ուղերձ կը յղեն առ այն, որ երեխաները առաջնահերթութիւն են: