Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ցանկով ընտրուած հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան Նոյեմբեր 3ին բարձրացուց մէկ օր առաջ Ատըյաման քաղաքի ասորական գերեզմանոցի պղծման հարցը՝ պահանջելով պահպանութեան տակ առնել բոլոր փոքրամասնութիւններուն գերեզմանատուները: Խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, Տողան ոչ-իսլամներու գերեզմանոցներուն նկատմամբ տեղի ունեցող ոտնձգութիւնները որակեց իբրեւ յարձակում՝ միասին ապրելու մշակոյթին վրայ,- կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:
Տողան նաեւ նշեց, որ ասորական Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ կից գտնուող գերեզմանատունը նման յարձակումի ենթարկուած էր նաեւ 2006ին: Հայ պատգամաւորը յիշեցուց հայկական գերեզմանատուներուն դէմ ոտնձգութիւնները, յատկապէս՝ գանձ որոնողներուն կողմէ: Ան նաեւ պահանջեց անյապաղ յայտնաբերել եւ պատժել յարձակումը կատարողները:
Նշենք, որ ասորական գերեզմանատան վրայ յարձակումին ընթացքին պղծուած են 10 գերեզմաններ: