Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Կը Դասաւանդուի Պոսթոնի Համալսարանին Մէջ

Պոսթոնի համալսարանը Արուեստի եւ գիտութեան գոլէճին մէջ սկսած է Հոլոքոսթի եւ ցեղասպանութեան մասին դասընթացք, որուն ծիրէն ներս կ’ուսուցանուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թեման:

Համալսարանի պաշտօնական կայքի փոխանցմամբ` համալսարանի ղեկավարութիւնը յոյս ունի, որ դասընթացքի շնորհիւ իր ուսանողները ոչ միայն պատմութիւն կը սորվին, այլեւ կը սորվին պատմութենէն: Արուեստի եւ գիտութեան գոլէճի փրոֆ. Նենսի Հարովիցը, որ Հոլոքոսթի պատմութեան մասնագէտ է, նշած է, որ դասընթացքի արդիւնքով ուսանողները կը սորվին, թէ ինչպէ՞ս տեղի ունեցած են 20րդ դարու աﬔնասարսափելի, պետութեան կողմէ հովանաւորուած զանգուածային սպանութիւնները:

Փրոֆ.ը կը նշէ, որ 20րդ դարուն եւ ներկայիս աշխարհի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու մասին սորվելով «կը պաշտպանուի յիշողութիւնը»:

Հոլոքոսթի եւ ցեղասպանութեան մասին դասընթացքի ծիրէն ներս ուսանողները կ’անցնին հետեւեալ դասընթացքիները` Հայոց ցեղասպանութիւն, եւրոպական ֆաշիզմ, ցեղասպանութեան կանխարգելում, մարդու միջազգային իրաւունքներու պատմութիւն եւ Հոլոքոսթ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին