Գերմանական դատարանը տուգանած է 2 անձեր, որոնք վիրաւորած եւ սպառնացած են Գերմանիոյ խորհրդարանի (Պունտեսթակ) պատգամաւորներ Ճեմ Օզտեմիրին եւ Սեւիմ Տաղտելէնին:
«Կանաչներու կուսակցութեան» համանախագահ Օզտեմիրը եւ «Ձախերու կուսակցութիւն»-ը ներկայացնող Տաղտելէնը, ըստ «Deutsche Welle» գերմանական լրատուականի թրքական ծառայութեան, Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման պատճառով, լրատուամիջոցներու մէջ ատելութեան եւ վիրաւորանքներու թիրախ դարձած են, կը փոխանցէ ermenihaber.am-ը:
Կը նշուի, որ վիրաւորանք հասցնող թուրքերէն մէկը տուգանուած է 600, միւսը` 700 եւրոյով:
Պատգամաւոր Տաղտելէնը ողջունած է դատարանի այդ որոշումը եւ յոյս յայտնած, որ ատիկա զսպող ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Պատգամաւորը ընդգծած է, որ բացի վիրաւորանքներէն եղած են նաեւ բռնութեան եւ մահուան սպառնալիքներ, որոնք նոյնպէս պէտք է չէզոքացնել:
Ճեմ Օզտեմիր դրական գնահատած է, որ վիրաւորանքը եւ սպառնալիքը պատժելի արարք դիտուած են դատարանին կողմէ:
Յիշեցնենք, որ Յունիս 2ին Գերմանիոյ խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունած էր։ Բանաձեւին համահեղինակն էր ազգութեամբ թուրք պատգամաւոր Ճեմ Օզտեմիրը: Բանաձեւը ընդունուած էր գրեթէ միաձայն: Կողմ քուէարկած էին նաեւ Պունտեսթակի` ազգութեամբ 11 թուրք պատգամաւորները: