Ատրպէյճանի պաշտօնական քարոզչութիւնը կը շարունակէ ինչպէս սեփական, այնպէս ալ միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելու նպատակով ապատեղեկատուութեան տարածման քաղաքականութիւնը: Այդ մասին կ’ըսուի ԼՂՀ ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ:
«Մասնաւորապէս Նոյեմբեր 2ին ատրպէյճանական ԶԼՄ-ներուն եւ ընկերային ցանցերուն մէջ տեղեկութիւն տարածուած է, թէ իբր հայերու ականանետերէն արձակուած արկերը ինկած են Աղտամի շրջանի Չեմենլի եւ այլ բնակավայրեր:
«ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ նշուած տեղեկատուութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ: Աւելին, նման բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւններու տարածումով հակառակորդ երկիրը կը փորձէ ինքզինք ապահովագրել հերթական սադրանքներէ:
«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերը խստօրէն կը հետեւին ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ երբեք չեն թիրախաւորեր խաղաղ բնակավայրերը»,- կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: