Մարտարուեստի «Հայաստան MMA» ակումբի վեց տարիներու անդամ՝ 12ամեայ Նազարէթ Չուքուլեան, Նոյեմբեր 11ին, Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ կայանալիք համաամերիկեան մրցաշարքի մը ընթացքին մաս պիտի կազմէ ճիւտոյի Միացեալ Նահանգներու հաւաքականին, շնորհիւ իր վերջին յաջողութիւններուն։ Այս մասին կը յայտնէ ,-«Ասպարէզ»-ը։
Արդարեւ, փոքրիկ մարտիկը վերջերս կրցած էր իր դասակարգին մէջ Միացեալ Նահանգներու ախոյեան հանդիսանալ, ազգային եւ նահանգային մակարդակի այլ մրցաշարքերու մէջ իր արձանագրած պատուաբեր արդիւնքներէն ետք։