Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Տիարպեքիրի Քաղաքապետը Ձերբակալուած է

Տիարպեքիրի քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաքը եւ քաղաքային խորհուրդի անդամ Ֆըրաթ Անլըն անվտանգութեան վարչութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժինին կողմէ ձերբակալուած են: Այս մասին՝ ըստ Tert.am-ի, կը հաղորդէ թրքական “Անատոլու” գործակալութիւնը։

Ձերբակալութիւնները տեղի ունեցած են Քրտական բանուորական կուսակցութեան (PKK) դէմ տարուող հետաքննութեան ծիրէն ներս: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Քըշանաքը ձերբակալուած է Տիարպեքիրի օդակայանին մէջ, իսկ Անլըն` իր տան մէջ: Անոնց բնակարաններուն մէջ հետախուզութիւն իրականացուած է:

Քաղաքապետ Քըշանաքի դէմ մեղադրական պատրաստուած է «ահաբեկչական խմբաւորման օգտին» քարոզչութիւն ընելու հիմնաւորմամբ` Մարտ 8ի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին իր ելոյթին ժամանակ: Տիարպեքիրի հանրապետական դատախազութեան պատրաստած նիւթերուն մէջ կը նշուի, թէ ան PKK-ի «Ժողովրդավարական ազատ կանանց շարժում» կազմակերպութեան աշխոյժ դերակատարներէն է:  Քըշանաքի դէմ գործի ծիրէն ներս «զինուած ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալու» մեղադրանքով անոր նկատմամբ 5-10 տարուան ազատազրկման պահանջ ներկայացուած է:

Տիարպեքիրի քաղաքային խորհուրդի անդամ Ֆըրաթ Անլըն, որ մասնակցած է PKK զինեալի մը յուղարկաւորութեան արարողութեան, կը մեղադրուի «ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութիւն իրականացնելուն» մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին