Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Սպանիոյ Մալակա Քաղաքը Ճանչնած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Սպանիոյ Մալակա քաղաքի խորհուրդը միաձայն ընդունած է յայտարարութիւն մը, որով պաշտօնապէս կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Ընդունուած յայտարարութեան մէջ նախորդ դարասկիզբին տեղի ունեցածը կը բնորոշուի իբրեւ յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ, որուն հետեւանքով ձեւաւորուեցաւ հայկական մեծ սփիւռքը:

Մալակայի քաղաքային խորհուրդը նաեւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ աշխարհասփիւռ հայութեան, միաժամանակ նշելով, որ մօտակայ ժամանակահատուածին քաղաքապետարանը Մալակայի կեդրոնական զբօսայգիին մէջ պիտի տեղադրէ հայկական խաչքար` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին