Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի քաղաքապետարանին որոշումով եւ Պէնեարոլ թաղամասի բնակիչներուն խնդրանքով, Հոկտեմբեր 21ին, թաղամասի գլխաւոր հրապարակներէն մէկը անուանակոչուած է Մարթին Տէրեանի անունով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներէն էր: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արաքս» ռատիոկայանը։
Մարթին Տէրեան ծնած է 1913 թուականին, Մարաշ, մահացած` 2006 թուականին Մոնթէվիտէօ: Ցեղասպանութենէն փրկուելով եւ հաստատուելով Ուրուկուէյ` Պէնեարոլ թաղամասին մէջ հիﬓած է խանութ, որ կ’աշխատի 40 տարիէ ի վեր: Տէրեանն ու իր տիկինը մշտապէս օգնութեան ձեռք մեկնած են թաղամասի չքաւոր երեխաներուն` տարրական սնունդ հայթայթելով անոնց համար:
Հրապարակի բացման արարողութեան նշուած է, որ Պէնեարոլի բնակիչները չեն կրնար մոռնալ այդ օգնութիւնը, իսկ հրապարակի անուանափոխումով՝ անոնք վառ կը պահեն Մարթին Տէրեանի յիշատակը: Մարթին Տէրեանը 90ականներուն ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր: Անոր վկայութիւններով ստեղծուած է փաստավաւերագրական ֆիլմ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան: