Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Անգարայի Մէջ Հայկական Գերեզմանատուն Մը Պղծած Են

Թուրքիոյ Անգարայի նահանգի Սինջանի շրջանի փոքրիկ աւաններէն մէկուն` Սթանոզի մէջ, գանձագողերու կողմէ հայկական հին գերեզմանատուն մը պղծուած է: Այս մասին կը յայտնէ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհուրդի հայազգի անդամ Մուրադ Մըհչըն ֆէյսպուքի իր պաշտօնական էջին վրայ, կը յայտնէ Tert.am-ը:

Առնուած լուսանկարներուն մէջ պարզ կ՛երեւի, թէ ինչպէս գանձագողերը փորած են գերեզմաններն ու հանած ոսկորները:

Յայտնի է, որ գերեզմանատան տարածքը կը պատկանի «Սուրբ Փրկիչ եւ Քառսուն մանուկ» հիմնադրամին:

Մըհչըն նշած է, որ բացի քանի մը սրտացաւ քաղաքացիներէ` ոչ ոք կը հետաքրքրուի գերեզմանատան վիճակով, եւ անիկա ամբողջովին մատնուած է անուշադրութեան:

Աւելին` կան փաստեր, որոնց համաձայն որոշ գերեզմանաքարեր հեռացուած են տարածքէն շրջկեդրոնի ղեկավարութեան անմիջական միջամտութեամբ:

Մուրադ Մըհչըն յայտնած է, որ իրենք արդէն դիմած են Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Սինջանի տարածքային շտապին, սակայն կ՛ակնկալեն, որ Պոլսոյ հայկական պատրիարքարանը նոյնպէս միջամտէ եւ աջակցի, որպէսզի գերեզմանատան շուրջ պատ կառուցուի:

Նշենք, որ Անգարա քաղաքէն 30 քմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սթանոզ (անիկա կ՛անուանեն նաեւ Զիր) աւանի բնակչութիւնը Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ ամբողջովին բաղկացած եղած է հայերէ, Սթանոզի բնակչութեան թուաքանակը 20-րդ դարի սկիզբը կը կազմէր 3.142 (668 ընտանիք): Ինչպէս եւ Անգարայի հայութեան մեծ մասը, Սթանոզի հայերն ալ այստեղ գաղթած են Կիլիկիայէն, 15-րդ դարուն:  Ըստ որոշ տուեալներու` հայ գաղթականներուն եւս մեծ խումբ մը այստեղ հաստատուած է 17-րդ դարուն՝ Արեւելեան Հայաստանէն:

Սթանոզի մէջ գործած է երկու հայկական աւետարանական եկեղեցի` Սուրբ Փրկիչ եւ Քառսուն մանուկ: Սթանոզի հայերը ունէին նաեւ երկու կրթական հաստատութիւններ, ուր, ընդհանուր առմամբ, կային 500 հայ աշակերտներ: Այս շրջանին մէջ հայերը կը զբաղէին արհեստներով, այգեգործութեամբ ու անասնապահութեամբ: Սթանոզի մէջ մեծ հռչակ կը վայելէին հայ կաշեգործները, գորգագործները, ներկարարները եւ մետաքսի արտադրութեամբ զբաղողները։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին