Հինգ տարի «Լը Մոնտ» օրաթերթի խորհրդարանական լրագրողի պաշտօնը վարելէ ետք Հելէն Պեքմէզեան Հոկտեմբեր 11-ին նշանակուած է թերթին փոխխմբագրապետի պաշտօնին: Այս մասին կը յայտնէ «Նոր Յառաջ»-ը:
Պեքմէզեան, որ ընկերային ցանցերու միջոցով բաժնած է իր զգացումները թէ՛ իր նախկին պաշտօնին, թէ՛ ալ նոր պաշտօնի ստանձման մասին, յայտարարած է նաեւ, որ 2017 Մարտին լոյս պիտի ընծայէ հատոր մը, նուիրուած խորհրդարանական լրագրողի իր յուշերուն: