Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Հանդիպում Աշակերտներու Հետ

Հոկտեմբերի 1-ին Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան պարոն Ժան Մաքարոնը Լիբանանի Դեսպանատան մէջ հասարակական-մշակութային միջոցառում եւ ճաշկերոյթ կազմակերպեց Երեւանի համալսարաններու մէջ ուսանող լիբանանցի աշակերտներու համար, որուն մասնակցեցան 50 ուսանողներ:

Միջոցառման պատուաւոր հիւրն էր մեծ երգահան Տիգրան Մանսուրեանը, որ իր ելոյթին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ անցուցած մանկութեան օրերուն եւ պատասխանեց շարք մը հարցերու:

Լիբանանի դեսպանը իր ելոյթին  ողջունեց ներկաները եւ նշեց, որ այս հանդիպումը ուրախութեան եւ յոյսի հանդիպում է: Ան  յորդորեց ուսանողներուն ըլլալ ջանասէր ուսման մէջ:

Դեսպանը մէջբերեց յոյն փիլիսոփայ Դիոգինէսի խօսքը, որ ըսած է. «Իւրաքանչիւր պետութեան հիմքը երիտասարդներու կրթութիւնն է»:

DSC00472 (1)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին