Սեպտեմբերի 21-ին Շուշիի արուեստի կեդրոնի մէջ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ «Շուշիի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրինութեան աջակցութեամբ բացուեցաւ ՀՀ Անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին նուիրուած «Արարատը հայի աչքերով» լուսանկարչական շրջիկ ցուցահանդէսը, որու առաջին ցուցադրութիւնը կայացած էր սոյն թուականի Յունիսին, Երեւանի՝ «Թէքէեան Կեդրոն»էն ներս, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հետ համատեղ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Ֆրանսայէն, Պրազիլէն եւ ԱՄՆ-էն ազգութեամբ հայ լուսանկարիչներու 32 աշխատանքներ, որոնք կը ներկայացնեն հայ ազգի խորհրդանիշ Արարատ լեռը արուեստագէտներու ամենատարբեր ընկալումներով եւ իւրովի կը բացայայտէ լերան հմայքը: Հեղինակներու շարքին են յայտնի լուսանկարիչներ՝ Անդրանիկ Քոչարը, Սամուէլ Սեւատա Գրիգորեանը, Արմէն Ենկոյեանը, Պօղոս Պօղոսեանը, Նունէ Քարամեանը, Թետ Անդրէասեանը, Լեւոն Արսէնեանցը եւ այլոք:
Ցուցահանդէսը, որուն ներկայ էին արուեստագէտներ, արուեստասէրներ, այդ թուին նաեւ դպրոցականներ Բերձորէն, մեկնարկեց «Շուշիի թանգարաններ»-ու տնօրէն, արուեստաբան Լուսինէ Գալստեանի ողջոյնի խօսքով: Շնորհաւորելով ներկաները Հայաստանի Անկախութեան տօնի առթիւ, տիկ. Գալստեանը ներկայացուց մասնակից-հեղինակներուն եւ ուրախութեամբ նշեց, որ խորհրդանշական թեմայով այս ցուցահանդէսը կը նպաստէ լուսանկարչական արուեստի զարգացմանն ու տարածմանը, ալ աւելի ճանաչելի դարձնելով ժամանակակից արուեստագէտներուն:
Հայ քանդակագործ Եուրի Յովհաննիսեանի խօսքով Անկախութեան 25-ամեակի դիտապատկերի վրայ ցուցահանդէսի բացումը խորհրդանշական է, քանզիԱրարատը կը նոյնացուի հայու անկախութեան հետ. Այն աստուածային, առեղծուածային էութիւն ունի եւ գաղտնազերծման կարիք ունի։ Լեռը հայ ժողովուրդի գոյութեան խորհրդանիշն է:
«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի համար այս առանձնայատուկ ձեռնարկ է, քանզի այն կ՝իրականացուի մեզ համար շատ նուիրական օր՝ ՀՀ Անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին, եւ յատկապէս Արցախի՝անոր մշակութային մայրաքաղաք Շուշիի մէջ: Ինչպէս ժամանակին Արցախը եղաւ հայութեան իղձերէն մէկը, որ այսօր արդէն իրականացուած է, այնպէս ալ Արարատը իղձ է, որ յուսանք օր մը իրականութիւն կը դառնայ», նշեց հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը: Շնորհաւորելով ազային տօնի առթիւ, տնօրէնը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան, ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան, «Շուշիի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ին ցուցահանդէսի իրականացման մեծապէս օժանդակելու համար: Ան յոյս յայտնեց որ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի համագործակցութիւնը այս կառոյցներու հետ կ՝ըլլայ շարունակական եւ կեանքի կը կոչէ մշակութային արժէք ունեցող այլ ձեռնարկներ:
«Արարատը հայի աչքերով» ցուցահանդէսը Շուշիի արուեստի կեդրոնէն ներս բաց է մինչեւ սոյն թուականի Հոկտեմբերի 10-ը եւ այնուհետեւ պիտի ներկայացուի Կիւմրիի մէջ: