Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Թորոնթոյի Հայ Համայնքի Աջակցութիւնը Մատաղիսի Դպրոցին

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Թորոնթոյի իր տեղական մարմնի միջոցներով մասնակի վերանորոգում կ’իրականացնէ Մատաղիս համայնքի /ԼՂՀ Մարտակերտի շրջան/ միջնակարգ դպրոցին մէջ: Եռայարկ այս կրթօճախը կառուցուած է Թորոնթոյի մեր հայրենակիցներուն հաւաքագրած գումարներով 2005-2006 թուականներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հիմնադրամի պաշտօնական կայքը:

«Հերթական աշխատանքային այցին ընթացքին պարզ դարձաւ, որ դպրոցը մասնակի վերանորոգման կարիքը ունի»,- կը պարզաբանէ Հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմնի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան: «Աշխատանքները կը մօտենան աւարտին, եւ ուսումնական գործընթացքը արդէն իսկ կ’ընթանայ բնականոն պայմաններու մէջ»:

Մասնակի վերանորոգումներ  կատարուած են տանիքի, սանհանգոյցներու մաշուածութիւնը վերացնելու նպատակով: Տեղադրուած են նոր դռներ ու լուսամուտներ: Միջանցքներու եւ դահլիճի յատակները պատուած են որձաքարով, իրականացուած են արտաքին յարդարման աշխատանքները:

«Նորոգման այս աշխատանքները աւելին են համայնքի համար, քան պարզապէս դպրոցի նորոգում»,- կ’ըսէ դպրոցի երիտասարդ տնօրէն Գեղամ Աղաջանեան: «Ամէն անգամ, երբ յիշում եմ այն փոքրիկ կառոյցը` այսօրուայ մանկապարտէզի շէնքը, որտեղ ես եմ ուսանել, մտածում եմ, որ սա իսկական պարգեւ է մեր աշակերտների համար»:

Այս համայնքին նկատմամբ թորոնթոհայերու ուշադրութեան վկայութիւնն է նաեւ ամառուան սկիզբը թորոնթոհայ բարերար Պերց Լուլեցեանի կողմէ նուիրաբերուած շտապօգնութեան մեքենան: Մէկ շտապօգնութեան մեքենայ ալ բարերարը 2014թ.-ին նուիրած էր նոյն շրջանի Նոր Մարաղա գիւղին:

 

5

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին