Կիրակի, 15. 03. 2026

spot_img

Տինքը Սպաննողին Հետ Բանտին Մէջ Լուսանկարուած Երկու Ոստիկանները Նոյնպէս Հետապնդուող Կիւլենականներու Շարքին Են

Պոլսահայ լրագրող, Սթամպուլի հայ համայնքի թերթերէն «Ակօս»-ի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործին վերաբերեալ նոր բացայայտումները կը շարունակեն մնալ թրքական մամուլի առաջին էջերուն վրայ:

Գործին հետ կապուած նոր աղմկայարոյց տեսանիւթէն ետք այժմ ալ պարզ դարձած է, որ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի հետ բանտին մէջ թրքական դրօշով լուսանկարուած երկու ոստիկանները նոյնպէս կը մեղադրուին Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձի կազմակերպման համար մեղադրուող Ֆեթուլլահ Կիւլենի կազմակերպութեան հետ կապերու եւ յեղաշրջման փորձին մասնակցութիւն ունենալու համար: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Միլլիէթ» թերթը։

Կը նշուի, որ ոստիկաններէն Էրճան Կիւնը արդէն ձերբակալուած է, իսկ միւս ոստիկան Էքրեմ Տումանը կը գտնուի հետախուզման մէջ:

Յիշեցնենք, որ Յուլիս 15-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է ռազմական յեղաշրջման փորձ: Անոր յաջորդած են ձերբակալութիւններ երկրի զինուած ուժերու եւ այլ կառոյցներու մէջ, փակուած են բազմաթիւ թերթեր, կազմակերպութիւններ, կեդրոններ, երկրին մէջ երեք ամիսով յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն: Յեղաշրջման փորձին համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կը մեղադրէ «Հիզմեթ» («Ծառայութիւն») կրօնական շարժման հիմնադիր եւ իր հակառակորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենը, որ այժմ կը բնակի ԱՄՆ Փենսիլվանիա նահանգին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին