Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Պաքու Իսրայէլի Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ջանքերը Կը Խոչընդոտէ

Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի ղեկավար Ժորժէթա Աւագեանը կը յայտնէ, թէ Իսրայէլի կառավարութիւնը կը շարունակէ ճնշում բանեցնել խորհրդարանի անդամներուն վրայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: Այս մասին կը հացորդէ MediaMax-ը։

«Կ՛ակնկալուի, որ Նոյեմբերին Իսրայէլի խորհրդարանականները հերթական անգամ քննարկեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը: Քնեսեթի (խորհրդարան) անդամներէն շատերը կը յայտնեն, թէ կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց կառավարութիւնը իրենց վրայ ճնշում կը գործադրէ եւ այդ պատճառով ալ կը վախնան» կ՛ըսէ Աւագեան:

«Այսօր ամենամեծ խնդիրը կը յառաջացնէ Ազրպէյճանը, մանաւանդ որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերման շատ սերտ կապեր ունի Պաքուի հետ: Լիպերմանն է, որ մեծապէս կը խոչընդոտէ մեր աշխատանքը: Եթէ այլ երկիրներու մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով խոչընդոտներ կը դնէ Թուրքիան, ապա հոս Թուրքիա գրեթէ ոչինչ կ’ընէ, քանի որ իր բարեկամ Ազրպէյճանը արդէն իսկ մեծ ազդեցութիւն ունի»,- կ’աւելցնէ ան:

Միաժամանակ, Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչը յոյս յայտնած է, որ Իսրայէլի խորհրդարանականները այս անգամ «կը յաջողին ճիշդ ելք գտնել ստեղծուած իրավիճակէն»:

«Կը յուսամ, որ ներկայացուած բանաձեւը գոնէ այս անգամ կը վաւերացուի, քանի որ Իսրայէլի բնակչութեան մեծամասնութիւնը՝ մօտաւորապէս 80 տոկոսը, կ’ըսէ, թէ ամօթ է, որ Իսրայէլ մինչեւ այսօր չէ ճանչցած եւ դատապարտած Հայոց Ցեղասպանութիւնը», -կը յայտնէ Աւագեան, աւելցնելով, որ երբ Իսրայէլ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, շատ երկիրներ եւս, յատկապէս Միացեալ Նահանգները, պիտի հետեւին անոր օրինակին:

Նշենք, որ Իսրայէլի խորհրդարանի Կրթութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի յանձնախումբը Օգոստոս 1ին պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին