Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Գիւղին Անունը Փոխած են Հայկական Անունով

Թուրքիոյ Սիւաս (Սեբաստիա-խմբ․) նահանգի գիւղերէն մէկուն բնակիչներուն բողոքի հիման վրայ փոխուած է գիւղին անունը:

Ըստ “Արցախփրես”-ի՝ թրքական BirGun կայքը կը փոխանցէ, որՍիւասի Քուզ գիւղի բնակիչները դիմած են իշխանութիւններուն` պնդելով, որ իրենց գիւղի անունը քրդերէնով կնոջ սեռական օրգան կը նշանակէ, որուն պատճառով հարեւան գիւղերու բնակիչները միշտ կը ծաղրեն զիրենք:

Տեղի իշխանութիւնները հաշուի առած են ստեղծուած իրադրութիւնը եւ գիւղի բնակիչներուն պահանջով գիւղը անուանակոչած են նախկին` հայկական անունով` Ծմակ, քանի որ երկար տարիներ գիւղացիները կը շարունակեն իրենց գիւղը անուանել Ծմակ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին