Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

Զուիցերիա Բնակող Բարերարի Մը Աջակցութեամբ Կիւմրիի Մէջ Ընտանիք Մը Բնակարան Ունեցաւ

Հեռաւոր Զուիցերիոյ մէջ բնակող բարերարներուն աջակցութեամբ Կիւմրիի մէջ տնակի մը յարկին տակ բնակող Մակարեանները ստացան նոր բնակարանի բանալիներ: Աւելի քան 25 տարի Կիւմրիի կառատուն-թաղամասի 104/833 տնակին մէջ բնակող Մակարեանները յոյս ալ չունէին, որ օր մը կրնան տեղափոխուիլ քարաշէն բնակարան` քաղաքի նորակառոյց «Մուշ 2» թաղամասին մէջ: Այս մասին կը գրէ Արմէնուհի Մխոյեանը:

Նախաձեռնութեան հեղինակ զուիցերիաբնակ Թերեզա Մխիթարեանի 24 օգոստոսին տրուած անակնկալ այցելութիւնը նախ զարմացուցած է Մակարեանները. տան փոքրիկներուն դպրոցական պայուսակներ ու գրենական պիտոյքներ, քիչ մը հարցում-պատասխան, ապա անսպասելի նորութիւն` Մակարեանները նոյն օրն իսկ կրնան տեղափոխուիլ նոր բնակարան` նօտարական ձեւակերպումը կատարուեցաւ 25 օգոստոսին: Որպէս պարտադիր պայման` տնակէն բնակիչները պէտք է նոր բնակարան տեղափոխուին չորս օրէն, իսկ տնակը անմիջապէս պիտի քանդուի, տարածքը` կանաչապատուի:

Ընտանիքը իրաւունք չունի նաեւ 15 տարի բնակարանը վաճառելու: Ասիկա իսկական աւետիս եղած է անօթեւանի կարգավիճակ չունեցող եւ այդ պատճառով բնակարան ունենալու յոյսէն ալ զրկուած Մակարեաններուն համար: Ընտանիքի մեծերը հիւանդութեան կարգի թոշակառուներ են, տան միակ աշխատողը որդին է, որ մեծցած, ընտանիք կազմած է եւ 2 երեխայ ունեցած միեւնոյն տնակին մէջ: Ընտանիքին ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ նոյն օրը բոլորը միասին գացին նոր բնակարանը տեսնելու, ուր Մակարեաններուն յանձնուեցան տան բանալիները:

«1989 թուականից տնակում ենք: Երկար տարիներ` մինչեւ 1988 թուականի երկրաշարժ, աշխատել եմ «տեքստիլ» գործարանում, ապրել վարձով ու սպասել բնակարանի հերթին, բայց, ցաւօք, երկրաշարժն ամէն ինչ փոխեց: Տնակում դժուարութիւնները շատ են, բայց շնորհակալ եմ բարի մարդկանց, հիմա արդէն ամէն ինչ կը փոխուի», -նշած է Տմիթրի Մակարեանը:

«Մենք բնակարանը տալով չենք աւարտեր մեր առաքելութիւնը, մենք անոնց հետ կապը մինչեւ վերջ կը պահենք, կը հետեւինք կրթութեան, առողջական խնդիրներուն, եթէ անհրաժեշտ է, կ’օգնենք նաեւ նոր մասնագիտութիւն ձեռք բերելու», -ըսած է Թերեզա Մխիթարեան` փաստելով, որ առաջին անգամ Կիւմրիի մէջ այս նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է 2015 թուականի Հոկտեմբերին:

Բարերարները այս նախաձեռնութիւնը կ’իրականացնեն «Շիրակ կեդրոն»-ի միջոցով: Կեդրոնի նախագահ Վահան Թումասեան «Արմէնփրէս»-ին յայտնած է, որ միայն վերջին 6 ամիսներուն Կիւմրիի մէջ այս նախաձեռնութեամբ 16 ընտանիք բնակարան ստացած է, իսկ բարերարներուն 90 տոկոսը զուիցերիաբնակ են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին