Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմին Մասնակից Բոլոր Ուսանողները Կրնան Օգտուիլ Ուսման Վարձի 50 Տոկոս եւ Աւելի Զեղչէն

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մասնակից բոլոր ուսանողները կրնան օգտուիլ ուսման վարձի զեղչէն:  Ինչպէս Panorama.am-ի թղթակիցի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, անոնց համար պիտի կիրառուի առաւելագոյն զեղչի չափը:

«Զեղչը կիրառուելու է այնպէս, որ ապրիլեան պատերազմին մասնակցած եւ զօրացրուած ուսանողները գոհ լինեն»,- նշած է նախարարը:

Լեւոն Մկրտչեան նաեւ յայտնած է, որ ԿԳ նախարարին յանձնարարութեամբ համալսարաններուն մէջ արդէն 50 տոկոս եւ աւելի զեղչ կիրառելու մասին շրջաբերական իջած է:

ԿԳ նախարարը նշած է նաեւ, որ այդ զեղչէն կրնան օգտուիլ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մասնակից բոլոր ուսանողները` անկախ իրենց առաջադիմութենէն:

Այսպէս`  բանակէն զօրացրուած այն ուսանողները, որոնց զինգրքոյկին մէջ կայ ապրիլեան պատերազմին մասնակցութեան գրառում եւ համապատախան կնիք, ապա անոնք կը ստանան ուսման վարձի զեղչ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին