Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Տինքի Սպանութեան Գործին Հետ Կապուած Նոր Աղմկայարոյց Բացայայտումներ Ի Յայտ Եկած են

Պոլսահայ լրագրող, Պոլսոյ հայ համայնքի թերթերէն «Ակօս»-ի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութենէն 9 տարի անց նոր աղմկայարոյց բացայայտումներ հրապարակուած են անոր սպանութեան գործին հետ կապուած: Այդ մասին՝ ըստ «Թերթ․ամ»-ի՝ կը հաղորդէ Պոլսոյ հայ համայնքի թերթերէն «Հայթերթ»-ը:

Համացանցին մէջ Յայտնուած է տեսանիւթ մը, ուր Տինքի սպանութեան օրը կ՛երեւի, թէ ինչպէս մարդասպան Օկիւն Սամասթը կ՛ուղղուի դէպի «Ակօս»-ի խմբագրութեան շէնք, այդ նոյն տեսանիւթին մէջ կ՛երեւին նոյն տարածքին մէջ անհանգիստ այսուայն կողմ քայլող տղամարդիկ, որոնք, կարծես, նշան կու տան Օկիւն Սամասթին:

Տեսանիւթին մէջ երեւցող տղամարդիկ, ըստ Սթամպուլի դատախազութեան պնդումներուն, թրքական Զինուած ուժերու նախկին սպաներ են, որոնք վերջերս ձերբակալուած են Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձէն ետք երկրին մէջ կատարուող քատրային զտումներու եւ խուզարկութիւններու ծիրէն ներս:

Վեց սպաները, որոնք փաստացի արդէն կը մեղադրուին Տինքի սպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն ըլլալուն համար, կը կասկածուին Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձի կազմակերպման համար մեղադրուող Ֆեթուլլահ Կիւլենի կազմակերպութեան հետ կապերու եւ յեղաշրջման փորձին մասնակցութիւն ունենալու համար:

Յուլիս 15-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է ռազմական յեղաշրջման փորձ: Անոր յաջորդած են ձերբակալութիւններ երկրի զինուած ուժերու եւ այլ կառոյցներու մէջ, փակուած են բազմաթիւ թերթեր, կազմակերպութիւններ, կեդրոններ, երկրին մէջ յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն: Յեղաշրջման փորձին համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը մեղադրէ «Հիզմեթ» (ծառայութիւն) կրօնական շարժման հիմնադիր եւ իր հակառակորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենը, որ այժմ կը բնակի Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգին մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին