Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Համշէնահայերու «Վովա» Խումբի Անդամները Սպառնալիքներու Ենթարկուած Են

Թուրքիոյ մէջ համշէնահայերու յայտնի «Վովա» երաժշտական խումբի անդամները տարբեր սպառնալիքներու ենթարկուած են՝ մեղադրուելով Համշէնի տարածքին հայամետ քարոզչութիւն ընելու մէջ: Այս մասին ֆեյսպուքեան իր պաշտօնական էջին գրառում կատարած է խումբի հիմնադիրներէն Հիքմեթ Աքչիչեքը, որ, միեւնոյն ժամանակ, խումբի մենակատարն է:

Հիքմեթ Աքչիչեքը նշած է, որ իր եւ իր համախոհներու նպատակն է նախեւառաջ պահպանել ու ապրեցնել Համշէնի մշակոյթը եւ լեզուն, եւ յայտնած, որ ինք երբ անձամբ ապրած ու զգացած է հարազատ մշակոյթի ոչնչացման վտանգը, 1996-էն սկսած է աշխոյժ  գործունէութիւն ծաւալել ի նպաստ մայրենի լեզուի ու մշակոյթի տարածման:

«2005-ին ես եւ ընկերներս թողարկեցինք «Վովա» երաժշտական ալպոմը, որ համշէնի բարբառով ձայնագրուած առաջին ալպոմն էր աշխարհի մէջ: 2011-ին բացինք HADİG կազմակերպութիւնը, որու նպատակն է պահպանել ու ապրեցնել Համշէնի մշակոյթը: 2014-էն սկսեալ  դարձայ Համշէնի բարբառով հրատարակուող «Գոռ» ամսագրի խմբագրակազմի անդամ եւ ամսագրի պատասխանատու:

Համշէնի լեզուն եւ մշակոյթը ուսումնասիրելու եւ տարածելու ծիրէն ներս մշակութային ոլորտի բազմաթիւ կապեր, յարաբերութիւններ ստեղծեցի, որոնց շարքին են նաեւ հայաստանցի գիտնականներ, մշակութային գործիչներ, ինչպէս նաեւ հայրենիքէն գաղթած եւ Ռուսաստանի եւ Աբխազիայի մէջ բնակող քրիստոնեայ  համշէնցիներ:

Մեր աշխատանքը հայրենիքի դաւաճանութիւն, միսիոներականութիւն որակելը պարզապէս ազգայնամոլութիւն է:

Ոչ մէկ համշէնցիի չենք պարտադրեր նոր ինքնութիւն: Համշէնի հայկական անցեալը, մանաւանդ՝ Օսմանեան շրջանէն առաջ, այլեւս պահելու գաղտնիք չէ:   Մեր տեղը բոլորը գիտեն, անյայտ հասցէներով սպառնալիքներ հնչեցնելու փոխարէն թող գան մեզ գտնեն, նստինք, խօսինք:

Կ’ուզեմ շեշտել, որ մենք, ի հեճուկս այս ամէնուն, պիտի շարունակենք մեր գործունէութիւնը: Եթէ ինչ-որ մէկը հիմնաւորուած մեղադրանք ունի, թող մեզ դատի տայ», – գրած է Աքչիչեքը:

Նշենք, որ «Վովա» խումբը իր առաջին մեծ ելոյթը ունեցած է պոլսահայ նշանաւոր լրագրող Հրանտ Տինքի յիշատակին կազմակերպուած երեկոյի ընթացքին, ուր կատարած են հայերէն  «Եար եար» երգը: Խումբի միւս անդամներն են Մուսթաֆա Պիպերը եւ Էրսին Չելիքը:

«Վովա» խումբի անդամները 2005-ին թողարկած համանուն ալպոմի («Վովա» Համշէնի բարբառով կը նշանակէ «Ով է») համար ձայնագրած են Համշէնի բարբառով երգուած 13  ժողովրդական  երգ, որոնց մեծ մասը մինչ այդ մոռցուած էր ու անծանօթ՝  համշէնցիներու երիտասարդ սերունդին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին