«ԹՈւՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը ու «Կողբ» կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան զարգացման հիմնադրամը Յուլիս 26-ին կնքած են Փոխըմբռնման յուշագիր Տաւուշի մարզի` սահմանամերձ Կողբ գիւղին մէջ «ԹՈւՄՕ» կեդրոն բանալու մասին:
Նախաձեռնութիւնը իրականութիւն կը դառնայ «Կողբ» կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան զարգացման հիմնադրամի եւ Սիմոնեան կրթական հիմնադրամի համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ արժանթինահայ բարերարներ Պօղոս Էքսերցեանի, Գրիգոր Սիմսիրողլիի, Նշան Տեւետճեանի եւ այլ բարեգործներու աջակցութեան շնորհիւ:
«ԹՈւՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնէն կը տեղեկացնեն, որ կը նախատեսուի կեդրոնի շինարարութիւնը մեկնարկէ այս տարուան Սեպտեմբերին, իսկ ուսումնական գործընթացքը կը սկսի 2018 թուականին: Այն նախատեսուած կ’ըլլայ առնուազն 600 ուսանողի համար: Կեդրոնին մէջ կ’իրականացուի նոյն ծրագիրը, եւ կը դասաւանդեն նոյն մասնագէտները, որ Երեւանի, Դիլիճանի, Կիւմրիի եւ Ստեփանակերտի «ԹՈւՄՕ»-ներուն մէջ կը դասաւանդեն, ինչպէս նաեւ Կողբ կը հրաւիրուին միջազգային մասնագէտներ, որոնք իրենց փորձով կը կիսուին պատանիներուն հետ:
«ԹՈւՄՕ»ի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան նշած է. ««ԹՈւՄՕ»ն տարուէ տարի աւելի հասանելի կը դառնայ Հայաստանի զանազան հատուածներուն մէջ բնակող պատանիներուն համար: Կողբ հիմնադրամին հետ այս համագործակցութիւնը յատկապէս կարեւոր կը համարենք, քանի որ այն` քանի մը համայնք միաւորելով, հնարաւորութիւն կու տայ «ԹՈւՄՕ»ն տարածել աւելի փոքր բնակավայրերու մէջ: Կողբի «ԹՈւՄՕ»ն կ’ընդգրկէ ոչ միայն Կողբի, այլ նաեւ Նոյեմբերեանի, Բերդաւանի եւ մօտակայ գիւղերու պատանիներուն, որոնք կը կարենան մասնագիտանալ եւ արդիական հմտութիւններ ստանալ, ինչպէս նաեւ ապագային աշխատիլ տեղուոյն վրայ եւ առցանց, առանց հեռանալու իրենց ծննդավայրէն եւ զարգացնելով զայն»:
«Կողբ» հիմնադրամի հոգեբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արման Բարսեղեան վստահութիւն յայտնած է, որ 2018-ին Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Կողբ, Բերդաւան,Նոյեմբերեան եւ այլ համայնքներու երեխաներուն համար դռները կը բանայ «ԹՈւՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու ժամանակակից կեդրոնը, որ կը նպաստէ երեխաներու արտադպրոցական կրթութեան եւ մրցունակութեան, ինչպէս նաեւ այդ համայնքներուն մէջ ընդհանրապէս կեանքի որակի բարելաւման»:
Կողբի «ԹՈւՄՕ»ի ուսանող կրնան դառնալ 12-18 տարեկան պատանիները: Ուսումը կեդրոնին մէջ` ինչպէս եւ բոլոր քաղաքներու «ԹՈւՄՕ»ներուն մէջ, անվճար կ’ըլլայ: