Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Դրախտի Հագուստ

յս հագուստը արուեստի գործ մըն է, աշխատցուած լիբանանցի Տոքթ. Նասրալլա Հաքիմի (1877-1957) դուստրին` Մարի Հաքիմի կողմէ: Ան աշխատիլ սկսած է անոր վրայ 1895-ին եւ զայն աւարտած տասներկու տարիներ ետք` 1907-ին:

1

Մարի Հաքիմ զայն կոչեց «Դրախտի Հագուստ», որովհետեւ դրախտի բոլոր էակները կարելի է գտնել անոր վրայ: Նկարները կարելի է գտնել վերարկուին վրայ եւ անոնք իրական կ՛երեւին:

Հոն կարելի է գտնել անասունները եւ մեր երկու նախահայրերը` Ադամն ու Եւան, որոնք կ՛ուտեն արգիլուած խնձորը:

3

Անոնք շրջապատուած են անասուններով եւ ծաղիկներով ու ծառերով: Այս հագուստը ամբողջութեամբ կարուած է զուտ D.M.C. բամպակէ թելով:

Լաւ քննելու պարագային պիտի գնահատէք այն բծախնդիր ու համբերատար գործը, որ կատարուած է արտադրելու համար այս վերարկուն: Գրաւիչ մարգրիտի գոյնը կ՛աւելցնէ այս ուրոյն վերարկուին արժէքը:

1912-ին այս հագուստը տեղադրուած էր Նիւ Եորքի ցուցահանդէսներէն մէկուն մէջ, եւ որուն արժէքն էր շուրջ 20 000 ոսկի դրամ:

Այս «Դրախտի Հագուստ»ը այժմ կը գտնուի Պրն. Նասրի Փլաթոն Հաքիմի մօտ, որու ծնողներն են, հայրը՝ Փլաթոն Նասրալլա Հաքիմ իսկ մայրը՝ Քնարիկ Գրիգոր Յովսէփեան: Այս հագուստը աշխատողը, Պրն. Նասրի Փլաթոն Հաքիմի հօրաքոյրն է:

Լոնտոն հաստատուած Էպի Սոթս ընկերութիւնը վկայեց, թէ այս գլուխ գործոցը իւրայատուկ արուեստի գործ մըն է:

Այս արուեստի գործին մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար դիմել 03-299414 եւ 76-751093 թիւերուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին