Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Համը Այդ Հին Ու Լաւ Օրերուն…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԱԵՆ*

Այսօր ալ սիրելի ընթերցող պիտի խուսափիմ քաղաքականութիւն գրելէ ու պիտի ուզեմ քեզի հետ բաժնել հին ու լաւ օրերու կարգ մը յիշատակներ, որոնք առանց քեզի անպայման ճանչնալու, վստահ եմ կը բաժնես հետս:

Պատճառը այսպէս որոշելուս այդ հին, լաւ ու անմեղ օրերու դասընկերուհիի մը գրառումն էր երէկ՝ ընկերային համացանցի վրայ եղող  սիւնակներէս մէկուն տակ:  Դասընկերուհիիս գրառումը հակառակ որ կապ չունի մնացեալ գրելիքիս հետ, սակայն այն յիշել տուաւ, որ կան շատ մանր բաներ անցեալին մէջ, որոնք բաւարար էին մեզի ժպտեցնելու եւ ուրախութիւն պատճառելու՝

  • Ինչպէս այն օրը, որ տուն կը հասնէինք եւ ձմեռուայ գորգերը փռուած կ՛ըլլային…։
  • Ինչպէս այն օրը, որ տան մէջ մեր ամառուայ հագուստները կը վերցնէին՝ ձմեռուանները պահարանէն իջեցնելու համար, որոնց մէջ կը գտնէինք հագուստներ, որոնց գոյութիւնը մոռցած էինք…։
  • Ինչպէս այն օրը, որ կաղանդի ծառին լոյսերը կը միացնէինք եւ անոնցմէ ոչ մէկը այրած կ՛ըլլար…։
  • Ինչպէս համը դգալով մեր կերած, տակաւին փուռը չդրուած հում կարկանդակին ափսէին ծայրերը մնացած բաժինին՝ այն պայմանով, որ շատ չուտէինք, որ մեր փորը չցաւի…։
  • Ինչպէս ձմեռը թէյով ուտուելիք տաքցուած պանիրով սանտուիչին համը…։
  • Ինչպէս գարնան առաջին օրերուն խակ սալորին (ճէնէրիկին) թթու համը…։
  • Ինչպէս այն գաղտնի ծիծաղը, որ կը պատճառէր մեր մեծ մօր զգուշացումը՝ հովանոցը տան մէջ չբանալու, որ չար բան չպատահի, կամ ինչպէս այն զգուշացումը, որ մէկուն վրայէն չանցնինք, որ ան կարճ չմնայ…։
  • Ինչպէս այն զգացումը, որ կ՛ունենայինք երբ հեռաձայնի գիծը կու գար՝ ժամ մը սպասելէ ետք…։
  • Ինչպէս զովացուցիչի այն վերջին կաթիլը, որ շիշին տակ մնացած էր… կամ յայտնագործումը մեր մօր պահած շոքոլայի տուփին, որուն մէջ տակաւին մէկ հատ շոքոլայ կար…։

Շարքը երկար է այն պարզ եւ անոյշ բաներուն, որոնք այդ հին ու լաւ օրերուն մեզի ուրախութիւն կամ ծիծաղ կը պատճառէին, որոնք այդ օրերուն պէս եկան ու անցան՝ ձգելով նման յիշատակներ…։

Բարի լոյս սիրելի ընթերցող…։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին