ՀՀ տնտեսութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ 2016 Յունիս 10-ին ԱՄՆի Քալիֆորնիոյ Սիլիքոն հովիտի Սինոփսիսի Մաունթըն Վիուի մէջ, ամէնամեայ Արմթէք Քոնկրէս միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս, տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան IT ժողով»-ը: Ձեռնարկը կ’իրականանայ ՀՀ վարչապետի բարձր հովանիի ներքոյ:
Ժողովին նպատակն է խթանել ճարտարագիտական աճը եւ ցանցային համակարգի զարգացումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բարձր արուեստաբանութիւններու ոլորտը ներգրաւել համաշխարհային ճարտարագիտական հարթակներու վրայ:
Ժողովի ծիրէն ներս քննարկուելիք հարցերու հիմնական ուղղութիւններն են` Հայաստանի ՏՃ ոլորտի զարգացումները եւ այդ գծով յաջողութեան նարկայացումը, Միջազգային նորաստեղծ ընկերութիւններու բնապահպանական համակարգի ստեղծում եւ կապ համաշխարհային շուկայի հետ, Հայաստանի մէջ ներդրումային հնարաւորութիւններ եւ մարտահրաւէրներ, Կրթութեան դերը նորաստեղծ ընկերութիւններու ներուժը բացայայտելու գործին մէջ:
Յոյսով ենք, որ այս ոլորտի մէջ աշխատող Սփիւռքի մեր հայրենակիցները աշխուժօրէն պիտի մասնակցին այս կարեւոր ձեռնարկին` Հայաստանի յետագայ ճարտարագիտական զարգացման նոր խթան հաղորդելու համար:
Ժողովին վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկատուութիւն ստանալու համար կրնաք այցելել հետեւեալ կայքէջ` itforum.eif.am: