*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Օ, բնութիւն Օ՜, մայր,
Մշտահոլով, մշտագոյ եւ մշտատեւ…» (Ե.Չ):
Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ մշտատեւ, եթէ մշտահոլով չ’ըլլայ, ու այդ ընթացքին մէջ, եթէ աստղեր կան որոնք կը մարին, ուստի աստղեր ալ կան, որոնք կը ծնին… պայմանաւորուած են իրարմով:
Բնութեան արգասիքներէն է մարդ արարածը, որ կը տարբերի այլ կենդանիներէ ոչ միայն ֆիզիքական կազմով, հոս ըսել կ’ուզեմ ունեցած դիւրութիւններով, ինչ որ պարգեւուած է իրէն՝ ձեռքեր, մատներ եւ այլք ու գլխաւորը՝ վերին ուղեղը՝ բանականութիւնը: Յաճախ մտածած եմ, որ եթէ փիղը կամ կէտը մեզմէ բազմապատիկ խելացի ըլլար, ի՞նչ կրնար պատահիլ նոյն այդ ֆիզիքական կազմով՝ տուեալ պայմաններուն տակ:
Հնարքները հրաշալի են եւ ի հարկէ. սակայն հոս եւս մարդուն մէջ առկայ է ստորին եսը, որ ինչ-ինչ պատճառներով կու տայ բանականութիւնը եւ գլուխ կը ցցէ անասնականը:
Երկու որբեր ազգասիրական նկրտումներով, գործնական քայլով կը կառուցեն մշակոյթի կրթարան մը, որ կը կոչուի «Լուսոյ Տաճար» եւ կ’արդարացնէ այդ մէկը տասնամեակներ, սակայն… կը կարդանք. «Լուսոյ Տաճարին մոմերը մի առ մի կը մարին»: Ի հարկէ պիտի մարին. «Ո՞վ ապրած է ու չէ մեռած»… եւ սակայն բնութենէն տարբեր բան մըն է երբ «Լուսոյ Տաճար»ը ոչ թէ կը փակուի… այլ՝ կը փակեն: Վասն ինչի՞. ի շահ որո՞ւ… եւ այսպէս յաջորդաբար Տաճարին մոմերը մէկ-մէկ պիտի մարին ենթակայ դրուածքով, այսինքն առանց նոր մոմերու, որով սերնդափոխութիւն պիտի կատարուի յանուն գոյատեւման, ի շահ հայապահպանման եւ մանաւանդ Յանուն Արեւմտահայերէնի անվտանգութեան, որուն շուրջ աղմուկ կը բարձրանայ աստ եւ անդ: Վասն… ոչինչի:
Իսկ եթէ տակաւին «Լուսոյ Տաճար»ը չփակեր իր դռները, յոյս կ’ունենայինք այնտեղէն լոյսի շողեր ունենալու, որպէսզի նորոգ հանգուցեալ Սմբատ Տէրունեանի բառերով՝
«Ու միայն կանչ մը սրտոտ, հպում մը լոկ սէրախանձ, կրնան անայց անապատն ընել հանդէս մը ջրցայտ»:
Սրտոտ կանչեր եւ այլն… անօգուտ ճիգեր եղան «Լուսոյ Տաճար»-ին նոր մոմեր պարգեւելու…։ Ու այսպէս «անապատը» կը մնայ անապատ:
«ԼՈՒՍՈՅ ՏԱՃԱՐ»ը անլոյս եւ հսկայ գերեզման… որու համար Թէքէեանէն հատուածով մը փոխաբերաբար տանք.
«Զաւկի մը շնորհն անգամ, ո՜վ Տէր, զըլացար ինծի ընդմիշտ, եւ այդ մասունքը սիրոյս, արգիլեցիր փափաքներու տակ անլոյս, եւ զիս իմ մէջս ապականեցիր չարաչար…»:
«Վերջին հինգ տարիներուն Լուսոյ Տաճարին քանիերորդ մոմն է որ կը մարի»: (Զ.Ղ.)
Ի հարկէ պիտի մարի, բայց բուն ցաւալին ամլութիւնն է: «Եւ զիս իմ մէջս սպաննեցիր չարաչար»: (Վ.Թ.)