Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Նիւ Եորքի Ազգային Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի Մէջ Նշուեցաւ Մեծ Հայրերու Եւ Մեծ Մայրերու Տօնը

Նիւ Եորքի Ազգային Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի աշակերտները փառապանծ կերպով տօնեցին աւանդութիւն դարձած Մեծ Հայրերու եւ Մեծ Մայրերու մեծարանքի հանդիսութիւնը: Տօնախմբութեան ներկայ էին հիւրեր եւ մանաւանդ տարեցներ: Սրահի մուտքին դիմաց, պատի վրայ կախուած էր «Բարի Եկաք» գրութեամբ պաստառ մը, որ հիւրերը կը դիմաւորէր: Իսկ սրահի մէջ վարժարանի ծնողաց կողմէ շքեղափայլ զարդարանքներով պատրաստուած նախաճաշի սեղաններ դրուած էին, որոնք սիրով շաղախուած հիւրասիրութեան արտայայտութիւն մըն էին: Ներկաներէն տարեց հիւրերը մանաւանդ եկած էին իրենց թոռներուն եւ ծոռներուն՝ ի պատիւ իրենց պատրաստած հանդիսութիւնը վայելելու:

«Ամէն տարի Ապրիլեան Եղեռնի յիշատակի ամսուայ մէջ, մենք կը տօնենք այս մեծարանքի հանդիսութիւնը: Մեծ Եղեռնին մենք կորսնցուցինք մեր մեծ հայրերն ու մայրերը: Այդ պատճառաւ մեր այս տօնախմբութեամբ, մենք կու գանք պատուելու մեզ հետ եղող մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, որպէսզի ցոյց տանք, թէ իրենց ներկայութիւնը մեր տուներէն ներս կարեւոր է մեզի համար», ըսաւ վարժարանի տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեան:

Տօնախմբութեան հանդիսութիւնը կը բաղկանար այլազան յայտագիրներէ, որոնք ներկաներուն հրամցուեցան վարժարանի մանկապարտէզի աշակերտութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ աւարտական դասարաններու սաներու կատարումներով: Անոնք ներկայացուցին խմբերգներ, ինչպէս «Մեծ Հայրիկս եւ Մեծ Մայրիկս», « Պատանիներ ենք Մենք Արի ու Բարի», «Մամիկս-Պապիկս» եւն., որմէ ետք մանուկները ներկաներուն ծաղիկներ եւ յուշանուէրներ բաշխեցին:

Տօնախմբութեան վերջաւորութեան 6-րդ դասարանի աշակերտներու կատարողութեամբ արտասանուեցան մեծ բանաստեղծ՝ Վարդգէս Պետրոսեանի խօսքերէն հետեւեալ տողերը. «Ո՞վ պիտի պատմէր մեր մանկութեան կապոյտ հեքիաթները, եթէ Մեծ Մայրերը չըլլային: Ո՞վ պիտի տար բարութեան առաջին դասերը: Ո՞վ պիտի բռնէր մեր ականջներուն քաշող մայրական ձեռքերը, եթէ Մեծ Մայրերը չըլլային…»:

Ապրիլեան այս յիշատակի ամսուան մէջ կու գանք մեր յարգանքը եւ երախտագիտութիւնը մատուցանելու մեր Մեծ Հայրերուն եւ Մեծ Մայրերուն: Թող անոնց օրհնեալ ներկայութիւնը առաջնորդէ մեր նոր սերունդը դէպի պայծառ ապագայ:

DSC_4922

DSC_4928

 

DSC_4945

DSC_5012

DSC_5047

DSC_5074

DSC_5167

DSC_5197

DSC_5233

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին