Տոքթ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
Հայ ժողովուրդը ու~ր որ ապրած է, այդ հողին վրայ տուած է նուիրեալ ու առաքինի ծառայութիւններ եւ իր ծոցէն հանած է համայն մարդկութեան օգտակար հազարաւոր հայորդիներ, գիտնականներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, արհեստաւորներ, ազգային ու մշակութային գործիչներ եւ բժիշկներ, որոնք հաւատարիմ մնալավ Հիբոկրատական երդումին՝ նուիրումով ծառայած են ոչ միայն իրենց ժողովուրդին այլ համայն մարդկութեան:
Անոնք աշխատած են իրենց գիտութեան պաշարով, առանց խտրութիւն դնելու, հիւանդներու ցաւերը ամոքելու, տառապանքները սփոփելու եւ հիւանդութիւնները բուժելու համար:
Հայ բժիշկներու ծառայութիւնները երբեք սահման չեն ունեցած, անոնք լուրջ պարտաճանաչութեամբ ու առանց նկատի առնելու հիւանդին կրօնքը, լեզուն, պատկանելիութիւնը, ընկերային վիճակը եւ սեռը, առանց խտրութեան ու լուրջ պարտաճանաչութեամբ կատարարելով իրենց բժշկական պարտականութիւնները, բուժած են իրենց հիւանդները ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին:
Հայ բժիշկներ Թուրքիոյ մէջ, Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին ծառայած են ոչ միայն որպէս հիւանդները բուժող բժիշկներ, այլ ստանձնած են պատասխանատու պաշտօններ որպէս բժշկական վարժարաններու վարիչ, դասախօս, հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկ, աւագ խորհրդատու եւ բժշկագիտական հետազօտութիւն կատարողներ: Անոնցմէ շատեր Օսմանեան Կայսրութեան բանակի բժշկագիտութեան արդիականացման, վերելքին, զարգացման ու նաեւ երկիրի պաշպանութեան գործընթացքի մէջ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած են:
Անոնցմէ ոմանք եղած են արքունիքի եւ իշխանաւորներու անձնական բժիշկներ, ոմանք ալ արժանացած են բարձրագոյն շքանշաններու եւ պատիւներու:
Այդ շրջանին հայ բժիշկները ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ կը վարէին ոչ ծայրայեղ պահպանողական քաղաքականութիւն մը: Սակայն կային որոշ թիւով հայ բժիշկներ, որոնք կը խօսէին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու մասին, կային նաեւ հայկական կուսակցութիւններու անդամ, կուսակցութեան ղեկավար, հայ ազգային ազատագրական շարժումի մասնակից հայ բժիշկներ:
1915-ին ինչպէս որ Հայ ժողովուրդին գրեթէ բոլոր խաւերը ուղղակի եւ կամ անուղղակի ձեւով կոտարածի ենթարկուեցան, նոյնպէս ալ Հայ բժիշկները անբաժան չմնացին այս կոտարածէն եւ կամ կոտորածի ծնունդ տուած հետքերէն: Նկատի չառնուեցաւ անոնց Օսմանեան կայսրութեան, ժողովուրդին ու երկիրին բերած նուիրեալ ու շնորհալի ծառայութիւնները, քանի որ անոնք երկիրի վերնախաւին կողմէ բնաջնջուիլ ուզուող ժողովուրդի մը մտաւորականներն ու առաջնորդներն էին, նաեւ հայ հասարակութեան առողջ զարգացման գործընթացքի մէջ կարեւոր եւ պատասխանատու դերեր ունէին:
Հայ բժիշկները Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ծառայեցին նաեւ Օսանեան Բանակին, որպէս պարտաճանաչ քաղաքացի բժիշկներ, պաշտօններ ստանձնեցին հայրենքի պաշտպանման գործընթացքի մէջ:
Հայ բժիշկները Համաշխարհային պատերազմէն վերջ երկիրի ճգնաժամային պայմաններու մէջ իսկ, անտարբեր չմնացին ժողովուրդի պահանջներուն, առողջապահութեան կարիքներուն: Ժողովուրդին առողջապահական կարիքներու եւ պահաջներու գոհացում տալու նպատակաւ՝ թափ տուին իրենց բժշկագիտական առաքելութեան:
Իսթանպուլի մէջ կազմակերպելով առողջապահութեան բանախօսութիւններ, դասընթացքներ եւ դասխօսութիւներ, այս ձեւով հասցուծին բազմաթիւ գիտակից ու զարգացած հիւանդապահուիներ ու բուժաշխատողներ, նպատակ ունենալով երկիրի հիւանդապահուհիներու եւ բուժաշխատողներու բացը գոծել: Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան, Տոքթ. Ռուբէն Սեւակ-Չիլիկիրեան եւ բազմաթիւ հայ բժիշկներ, ծանօթ են նաեւ իրենց այս ուղղութեամբ աշխատանքներով:
Ըստ 1919-ին հրատարակուած «Նահատակ Հայ Բժիշկ, Դեղագործ եւ Ատամնաբոյժներու Յուշահամալիր» գիրքին, 1915-ին սպաննուած են 67 Հայ բժիշկներ, 73 Հայ դեղագործներ, 19 Հայ ատամնաբոյժներ, 15 բժշկագիտութեան Հայ ուսանողներ: Իսկ ըստ Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալաքեանի տուեալներուն, 100-է աւելի Հայ բժիշկներ սպաննուած են իրենց թուրք արհեստակիցներու եւ կամ գործակիցներու կողմէ: Հաւանաբար այս վիճակագրութեան տուեալները ամբողջական չեն, նահատակուողներուն թիւը վերի տրուած թիւէն շատ աւելի մեծ է:
1915-ին Հայ բժիշկները ձերբակալուեցան, բանտարկուեցան, հալածուեցան եւ նահատակուեցան: Կարծէս թէ Օսմանեան բժշկագիտութեան վերելքին ու զարգացման սիւները եղող հայ բժիշկները, այս ձեւով կը վարձարտրուէին Կայսրութեան օրուայ ղեկավարներուն կողմէ:
Շատ մը Հայ բժիշկներու ոճրագործները եղան իրենց թուրք արհեստակից գործընկերները: Հոս պէտք է յիշել նաեւ բացառութիւն կազմող այն թուրք ողջմիտ բժիշկները, որոնք հետեւեցան իրենց բժշկական կոչումին եւ հաւատարիմ մնալով Հիբոկրատական ուխտին, պաշտպանեցին մի քանի Հայ բժիշկներու ապրելու իրաւունքը ու փրկեցին անոնց կեանքը: Անոնք նաեւ քննադատեցին ու դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Օսմանեան Կեդրոնական իշխանութեան գործընթացը:
1915-ին Հայ ժողովուրդին ապրած կոտորածի նահատակ հայ բժիշկներէն մի քանիներն են.
Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան–Չատըրճեան
Ծնած է Սեբաստիա, 25 Դեկտեմբեր 1862-ին, 1881ին վկայուած է երկրագործական վարժարանէն Ֆրանսա,1883-ին Պոլսոյ Երկրագործական նախարարութեան մէջ աշխատանքի սկսած է, 1887-ին կը սկսի Փարիզի մէջ իր բժշկագիտութեան ուսումին, 1893-ին կը վերադառնայ Պոլիս ու որպէս բժիշկ պաշտօն կը ստանձնէ Պոլսոյ Ֆրանսական հիւանդանոցի մէջ:
1899-ին կը նշանակուի Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետութեան պաշտօնի, 1908ին կը դառնայ հանրածանօթ, հմուտ բժիշկ ու հեղինակաւոր ազգային գործիչ եւ որպէս ազգային երեսփոխան Օսմանեան խորհրդարանի անդամ:
Կը ձերբակալուի13 Ապրիլ1915-ին, կ’աքսորուի Այաշի բանտը ու կը նահատակուի Ուրֆայի մօտերը 21 Ապրիլ1915-ին:
Հեղինակն է «Բնական Պատմութիւն», «Ուսումնասիութիւն Միզային Քարերու», «Մանրէբանութիւն», «Առողջապահութիւն» անուն եւ այլ բժշկական դասգիրքերու:
Տոքթ. Ռուբէն Սեւակ–Չիլինկիրեան
Ծնած է 15 Փետրուար1805-ին Սիլիվրի: Հիմնական կրթութիւնը Պէրպէրեան վարժարանի մէջ աւարտելէ ետք,1905-ին Լոզանի համալսարանի մէջ կը սկսի բժիշկագիտութեան ուսումին, բժիշկ կը վկայուի 1911-ին: Լոզանի մէջ կ՛ամուսնանայ գերմանացի Հէլլէն Վան Պրաամի հետ։ 1914-ին կը վերադառնայ Պոլիս: 1910-ին լոյս կը տեսնէ բժիշկ Սեւակին «Կարմիր Գիրք» անուն գիրքը, որ գրի առած է Հայոց Կլիկիոյ կոտորածի ողբերգութենէն ներշնչուելով:
Տոքթ. Ռուբէն Սեւակ-Չիլինկիրեանի յօդուածները պարբերաթերթերու մէջ կը հրատարակուին «Բժիշկին Գիրքէն Փրցուած Էջեր» անունով: Տոքթ Ռուբէն Սեւակ-Չիլինկիրեան կը ձերբակալուի 11-12 Ապրիլ 1915-ին Մաքթիգիւղ-Պաքըրգիւղի մէջ, ուր իր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէր: Ան կ’ուղարկուի Չանքըրը, ուր կը պայքարի թուրքերու կողմէ կազմակերպուած կրօնափոխութեան արշաւին դէմ: Տոքթ. Սեւակը կրօնափոխ դարձնելու համար իրեն կ’ենթարկեն լուրջ ճնշումի ու պարտադրութեան: Սակայն ան դիմադրելով ճնշումներուն վճռականօրէն կը մերժէ անոնց թելադրանքը:
1915-ի Օգոստոսին Տոքթ. Սեւակ, Դանիէլ Վարուժան եւ չորս հայ աքսորեալ մտաւորականներ, զինեալ ուժերու հսկողութեամբ ճամբայ կը հանուին դէպի Այաշ ու ճամբու վրայ կը նահատակուին:
Ռուբէն Սեւակի «Լեմանի Լիճը» բանաստեղծութիւնը իր գլուխ գործոցը կը նկատուի:
Տոքթ. Կարապետ Փաշայեան
Ծնած է Պոլիս 1864-ին, բժիշկ վկայուած է Կայսերական Բժշկական վարժարանէն 1888-ին: Պաշտօնավարած է Բալու եւ Մալաթիա որպէս պետական բժիշկ, ուր զբաղած է նաեւ ազգային գործերով: 1890-ին կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի Սեբաստիոյ բանտին մէջ: 1891-ին ազատ կ’արձակուի դատաւորին հիւանդ աչքը դարմանելու ի վարձ: 1891-ին կը հաստատուի Շապին Գարահիսար, ուր կը սկսի բժշկութիւնը շարունակել, այս շրջանին կը նշանուի օրիորդ Թորգոմեանի հետ:
Տոքթ. Կարապետ Փաշայեան1892-ին դարձեալ կը ձերբակալուի եւ մահուան կը դատապարտուի:
Իր նշանածին Անգլիոյ դեսպանին տիկնոջ մօտ միջամտութեամբ ներում կը ստանայ եւ կը հաստատուի Պարսկաստան, հոն կը նշանակուի Շահին Պալատական բժիշկը: 1903-1906 թուականներու միջեւ ապրած է Եգիպտոս, ուր կը հիմնէ Կամպէթթա տպարանը, ուրկէ կը հրատարակուի «Հորիզոն» թերթը: 1908-ին Օսմանեան Կայսրութեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կը վերդառնայ իր ծննդավայրը եւ կ’ընտրուի Սեբաստիոյ երեսփոխան:
Տոքթ. Փաշայեան ունի բժշկական ու գրական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ, իր գործերէն յատկանշական է «Մարիա Թէ Հայկանուշ» սիրավէպը, իր երկրորդ վէպը կը կոչուի «Աղջկան Մը Յիշատակարանը»,անոր գործերէն են նաեւ «Առողջապահութիւն», «Երախաներու Անունը» գործերը:
Տոքթ. Կարապետ Փաշայեան ձերբակալուած է 1915-ին եւ ուղարկուած Այաշի բանտը: Ան կը նահատակուի 1915-ի գարնան:
Տոքթ. Ստեփան Միսքճեան
Ծնած է Պոլիս 1852-ին, Կայսերական Բժշկական Վարժարանէն վկայուած է որպէս մանկաբարձ եւ Վիրաբոյժ բժիշկ, պաշտօնավարած է Ետիգուլէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
1915-ին դեղագործ եղբօր՝ Գրիգորի հետ կը ձերբակալուին ու կ’աքսորուին: Հոն ալ երկու եղբայրները կը նահատակուին:
Տոքթ. Լեւոն Պարտիզպանեան
Ծնած է Խարբերդ 1887-ին, վկայուած է Կայսերական Բժշկական վարժարանէն, ծառայած է Օսմանեան բանակին մէջ որպէս բժիշկ հարիւրապետի աստիճանով, ձերբակալուած, աքսորուած ու նահատակուած է:
Տոքթ. Պէննէ Թորոսեան–Պետրոս Մանուկեան
Ծնած է Խարբերդ, բժիշկ կը վկայուի Պէյրութի Ամերիկեան Բժշկութեան վարժարանէն, կ’անցնի Ամերիկա իր մասնագիտութիւնը ամբողջացնելու համար: Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք կը վերադառնայ Պոլիս, կը սկսի իր մասնագիտութիւնը կիրարկել եւ շարունակել հասարակական գործիչի ծառայութիւնները։ 1915-ի հայոց կոտորածի շրջանին կը նահատակուի Պոլիս։
Հայ Բժիշկներէն կան ուրիշներ ալ, որոնք Ա. Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին ծառայած են Օսմանեան Բանակին: Տոքթ Աւետիս Նագաշեան անոնցմէ մին է: Ան կը ձերբակալուի եւ կ’ուղարկուի աքսորի դէպի Այաշ, ուրկէ վերդառնալու բախտը կ’ունենայ, կը պաշտօնավարէ Կայսրութեան բանակի զինուորական հիւանդանոցի մէջ, կը բուժէ պատերազմի բազմաթիւ վիրաւոր թուրք զինուորներ (Արսէն Եարման, «Էրմէնի Էնթիպպա Ճէմիյէթի»):
Կան նաեւ պատերազմին նահատակուող Օսմանեան բանակի ծառայող հայ բժիշկներ, անոնցմէ մի քանիներն են.
Տոքթ.Վարդան Էֆէնտի (1885-1918)
Ան համաշխարհային պատերազմի ընթացքին պաշտօնավարած է որպէս բանակի բժիշկ Պաղեստինի մէջ:
Տոքթ.Վարդանեան Էֆէնտի
Ա. Համաշխարհային պատերազմին մասնակցած է որպէս հարիւրապետ սպայ բժիշկ, ծառայած է Էրզրումի զինուորական հիւանդանոցի մէջ, մահացած է 1915-ին:
Կան նաեւ հայ բժիշկներ որոնք իրենց հարազատներուն եւ ընտանիքի անդամներուն մատնուած չարչարանքներուն ու աքսորի ղրկուելուն անձամբ ականատես եղած են, սակայն որպէս կայսրութեան ծառայող պաշտօնեայ բժիշկ միջոց մը չեն կրցած ունեալ՝ իրենց ընտանիքին նկատմամբ կիրարկուած անմարդկային դէպքերուն արգելք ըլլալու եւ «Լուռ ու Անկարող» մնալու պարտադրութեան տակ եղած են:
Այս բժիշկներէն են.
Տոքթ. Նաւասարդ Տէղիրմէնճեան, որ պաշտօնավարած է Անգարայի կեդրոնական հիւանդոնոցի մէջ: Ան ապրած բոլոր ողբերգութիւններով հանդերձ, որպէս բժիշկ բուժած ու դարմանած է պատերազմի վիրաւոր բազմաթիւ թուրք զինուորներ: (Արսէն Եարման, «Էրմէնի Էնթիպպա Ճէմիյէթի»)։ Տոքթ. Տէղիրմէնճեան այս ողբերգական յուշերը հաւաքած է գիրքի մը մէջ:
Տոքթ. Պօղոս Անտօնեան եւ Տոքթ. Մանուէլ Շէշեան
Հայ բժիշկներու դասին ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մին,1838-ին Օսմանեան Կայսրութեան Իշխան Սուլթան Մահմուտին բժշկութեան դպրոց մը հիմնելու գաղափարը տուող եւ Սուլթանը համոզող անձն է: Սուլթանի անձնական բժիշկը եղած է: Ան եւ Շէշեան ընտանիքէն Տոքթ. Մանուէլ Շէշեան, միասին եղած են զինծառայողներ, դասախօսներ ու նաեւ երկիրի բժիշկի պակասին եւ պահանջքին գոհացում տալու համար, նոր սերունդի բժիշկներ ու բուժաշխատողներ պատրաստելու գործընթացին առաջնորդները եղած են:
Խունկ եւ աղօթք Հայ նահատակ բժիշկ, ատամնաբոյժ, դեղագործ եւ բուժաշխատողներու յիշատակին:
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
-Տօքթ. Կարապետ Հարպոյեան, «Հայ Բժիշկներու Նահատակութիւնը Մեծ Եղեռնի Ընթացքին» («Ասպարէզ»)
-Տօքթ.Կարոյեան, «Մեծ Եղեռնի Նահատակ Հայ Բժիշկներ»
-Արսէն Եարման, «Էրմէնի Էնթիպպա Ճէմիյէթի»
«Հայերն Այսօր»