*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Անխախտ ճշմարտութիւններ կան, որոնք երբեմն-երբեմն կրկնելու պէտքը կը զգանք: Այսպէս, 25 դարերու խորերէն Լաօ Ցէ կ’ըսէ. «Երբ կիրքերը բորբոքած են, ստորին եսը կ’ըլլայ առաջնահերթ»: Այսինքն դատողութիւնը կը խաւարի. փաստուած է, թէ ստորին եսը քառապատիկ ուժեղ է քան բանականութիւնը կամ վերին եսը: Այլապէս ինչո՞ւ գրուած է ե՛ւ Լաօ Ցէի ե՛ւ Առակաց գիրքերուն մէջ, թէ «ինքզինք տնօրինողը աւելի հզօր է քան քաղաք մը գրաւողը»:
Գանք մեր Արցախին, այս քառօրեայ պատերազմը կարծէք յարմարագոյն առիթը եղաւ հակառուս արշաւին, մանաւանդ Ռուսիոյ Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու պատճառաւ: Միթէ՞ աշխարհը զինանոց չէ, ու միայն ռո՞ւսն է զէնքի աղբիւրը, երբ Ազրպէյճանի համար կ՛ըսուի՝ «նշենք, որ Թել Աւիւ կը համարուի Պաքուի զինուորական ամենագլխաւոր գործընկերներէն մէկը: Վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած էին զինուորական համաձայնութիւններ՝ մինչեւ $5 միլիառ արժողութեամբ»: Մեկնաբանութեան կը կարօտի՞: Անցնինք միւս կողմ: «Իսկ ռուսերը… դէմ դիմաց կը հարուածեն իրենց դաշնակից նկատուող հայերը՝ յարձակողական ու զանգուածային ոչնչացման զէնքեր տրամադրելով Ազրպէյճանին, այս ստորութեան անունն ալ «պիզնէս» դնելով…» (Գէորգ Եազըճեան, «Զարթօնք», Չորեքշաբթի, 27-4-2016):
«Ստորութեան անունն ալ…»:
Մենք ալ մեր կողմէն կ’ըսենք՝ ստորութեան տեսակները բազմաթիւ են: