*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երեւանի մէջ մարդատար կառքի պայթումի լուրին առնչուած, երէկ գիշեր «Ֆեյսպուք»ի վրայ հայրենի բարեկամուհիի մը ՝ Սահականոյշ Արոյեանի գրառումը կարդացի:
Սահականոյշ արեւելահայերէնով գրած էր (կը ներկայացնեմ արեւմտահայերէնով). «Ամէն անգամ, որ Արմաւիր-Երեւան գազել կամ սովետէն մնացած պազի՞կ է ինչ է մակնիշի մարդատար կառքերէն ոեւէ մէկը նստիմ ահով ու դողով կը սպասեմ, որ եթէ շուտով այդ կառքը իր կողմին վրայ շուռ չեկաւ ապա ուրեմն կրնայ նաեւ պայթիլ…:
Նոյնը կը պատահի Երեւանի մէջ: Կը նստիս մէջը, ոչ դուռը կը փակուի՛ ոչ ալ նստարանը նստարանի կը նմանի: Թիկունքիդ դրուած կազի պալոններուն մասին ալ խօսելիք չունիմ… մինչ այդ այս հանրային փոխադրութեան գործը ահագին եկամուտ կը բերէ իր սեփականատէրերուն: Բայց քանի որ մենք հայերս միջնադարէն ետք կորսնցուցած ենք մեր պետականութեան վերջին փշրանքները, երբեք ՄԱՐԴ չենք համարուած ոչ միայն օտար նուաճողներուն մօտ այլ նաեւ տեղական իշխանիկներուն մօտ ալ: Հիմա ալ ժամանակակից իշխանութիւններու եւ պիզնըսմէններուն համար: Ճիշդ այս պատճառով ալ ներկայ այս պայմաններով կ՛ապրինք: Մարդատար կառքը կը պայթի, գազելը շուռ կու գայ, սահմանին վրայ պահածոյի տուփերը կը ծառայեն բուն նպատակին՝ այսինքն հրաշքով մը գերժամանակակից սարքեր չեն դառնար… մենք ալ կը սպասենք ՓՐԿԻՉԻՆ, որ գայ մեզի փրկէ մեր իսկ ձեռքով ԿԵՐՏԱԾ իրականութենէն…»։
Որքան մռայլ այնքան սրտցաւ կանչ մը, որուն եթէ նոյնիսկ ամէն կէտերուն համաձայն չըլլանք, չենք կրնար կարդալով զայն պահ մը չխորհրդածել…: Առջի գիշեր պայթած մարդատար կառքը ահաբեկչութեան, արկածի, գաղտնի սպասարկութիւններու, թէ իր մօր սպաննելու ելած՝ մտային հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած երիտասարդի մը պատճառով եղած ըլլայ, ան լուսարձակի տակ կը բերէ Հայրենիքի մէջ ընկերային շատ մը լուրջ եւ անժամանցելի առկայ հարցեր, որոնց լուծումները իմ կարծիքով եթէ շուտով չգտնուին, ապա տեղի կրնայ ունենալ ընկերային մեծ պայթում մը, որուն պատահիլը կրնանք իմանալ սակայն բնաւ չենք գիտեր, թէ ուր կրնայ ան առաջնորդել մեզի…:
Հասկցողին շատ բարեւ: