Դար ու տարի անցան, սակայն հայուն համար երէկ էր կարծես: Անոր յիշողութեան մէջ անջնջելի կը մնայ իր պատմութիւնը, եւ մանաւանդ այդ պատմութեան ամենասեւ էջը՝ 24 Ապրիլ 1915-ը: Բարբարոս թուրքին անմարդկային ոճիրին սարսափելի պատկերը կը շարունակէ ծանր կշռել եւ ճնշել իւրաքանչիւր հայու սիրտին ու հոգիին վրայ:
Իւրաքանչիւր հայու սիրտին, հոգիին եւ միտքին մէջ տակաւին վառ ու կենդանի կը մնայ իր նախահայրերու թափած անմեղ արեան աղաղակը՝ «Արդարութիւն եւ հատուցում կը պահանջենք» կոչը: Այս աղաղակին ընդառաջելով հազարաւոր հայորդիներ Կիրակի, 24 Ապրիլ-ին Լիբանանի Նահատակաց Հրապարակը հաւաքուեցան, որպէսզի իրենց եւ իրենց նախահայրերու աղաղակը լսելի դարձնեն ամբողջ աշխարհին: «Մենք հանգիստ պիտի չգտնենք, մինչեւ որ ձեռք ձգենք փրկագին՝ ձեր արեան եւ արդարութիւն ու հատուցում՝ թուրքի կատարած բոլոր անմարդկային ոճիրներուն», պատասխան տուին անոնք իրենց նախնիներու աղաղակին: Անոնք հասկցուցին թուրքին, թէ այնքան ատեն, որ հայու սիրտը կեանքով կը բաբախէ, թուրքը հանգիստ պիտի չգտնէ, մինչեւ որ խոստովանի իր ոճիրը եւ հատուցանէ իր կատարած բոլոր բարբարոսութիւններու համար:
Լիբանանահայութեան երեք քաղաքական կուսակցութիւնները, յարանուանութիւններն ու միութիւնները, ժողովուրդի բոլոր խաւերուն հետ՝ մեծ ու փոքր, տղամարդ թէ իգական, եռագոյնները ի ձեռին, ձեռք-ձեռքի եւ թիկունք-թիկունքի տուած իջան Լիբանանի Նահատակաց Հրապարակը, ուր համախմբուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակը ոգեկոչելու:
Համաժողովրդային ոգեկոչման հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Անի Ղարիպեան: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը իր հաւաքական ուժով կը վերանորոգէ իր ազգային ուխտը, ապացուցելով իր զօրակցութիւնը Հայրենիքին եւ անոր բանակի մարտունակ զաւակներուն, Արցախի մէջ մարտնչող հերոս հայորդիներուն, յանուն Հայաստանի հզօրացման եւ միասնական ուժին, ի խնդիր հայկական պահանջատիրութեան յաղթանակին: Ղարիպեան իր խօսքի աւարտին աւելցուց՝ այսօր համայն հայութիւնը կը վերահաստատէ, որ յանձնառու է իր պապերուն կտակած առաքելութեան, շարունակելու իր աննահանջ երթը, մինչեւ հայոց արդար իրաւունքներու ձեռքբերում:
Ապա Ցոլեր Թալաթինեան կարդաց Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակի ոգեկոչման առիթով՝ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ լիբանանեան մամուլին յղուելիք հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կ՛ըսուի՝ «Հայ ժողովուրդը Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակին կը շարունակէ Թուրքիայէն պահանջել ճանաչում եւ հատուցում: Մինչ Թուրքիան կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը, Ազրպէյճան յարձակման եւ բռնագրաւման քաղաքականութեամբ կ՛աշխատի ղարաբաղեան հարցի լուծումը՝ խաղաղ բանակցութիւններէն փոխադրել պատերազմի դաշտ: Հայ ժողովուրդը 101 տարի ետք կը վերահաստատէ, որ տարիները չեն կրնար տկարացնել իր կամքը, չեն կրնար խլել արդարութիւն պահանջելու իր իրաւունքը: Հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը, մինչեւ որ Թուրքիան ճանչնայ պատմական իրողութիւնը եւ հատուցում կատարէ` իրաւունքը վերադարձնելով իր տիրոջ»:
ՍԴՀԿ-ի անունով խօսք առաւ Կիրակոս Թիւթիւնճեան, որ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը իբրեւ Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ, պիտի շարունակէ մնալ պահանջատէր. պիտի շարունակէ մնալ հետեւորդը իր նահատակներու կտակած պատգամներուն: Ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան ըսաւ. «Կը դիմեմ ձեզի` մնալու հաստատակամ ձեր ընբռնումներուն մէջ: Դուք վաղուան հերոսներն էք, այն բազուկները, որոնք բարձր պիտի պահեն հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ջահերը»:
Թիւթիւնճեան իր խօսքին մէջ նաեւ նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը լոկ անցեալի հարց չէ միայն, այլ ան նոր պայքարի մեկնակէտ մը դարձած է: Եւ թէ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը կը յարգուի խօսելով հատուցման լեզուով, իսկ միացեալ կամքով եւ ճիգերով պէտք է հունաւորուի պայքարը, որուն թիրախները պէտք է ըլլան Թուրքիոյ իշխանութիւնները: Ան հաստատեց, որ պահանջատիրական երթը պիտի շարունակուի այնքան ատեն, որ Թուրքիան կը մերժէ հատուցել հայ ժողովուրդին իրաւունքները: Թուրքիան պարտաւոր է անսալ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներու կանչին: Ինչ կը վերաբերի Արցախին, Կ. Թիւթիւնճեան յայտնեց, որ Արցախի անվտանգութիւնը հայ ժողովուրդին համար դարձած է հիմնական օրակարգ եւ հայութիւնը պատրաստ պէտք է ըլլայ նոր զոհաբերութիւններու: Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի խնդիրներուն` Կիրակոս Թիւթիւնճեան կարեւոր նկատեց խօսիլ Միջին Արեւելքի հայութեան անվտանգութեան երաշխիքներուն մասին: Ան ըսաւ, թէ առանց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման, շրջանը պիտի շարունակէ մնալ տագնապալի եւ հոն պիտի շարունակեն գործուիլ անմարդկային նոր նախճիրներ:
Եզրափակելով իր խօսքը Թիւթիւնճեան ըսաւ. «Այսօրուան գերագոյն արժէքը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, առանց որուն պահանջատիրական երթերը շատ բան կը կորսնցնեն իրենց իմաստէն եւ արժէքէն: Մեր բոլոր ճիգերը, ամբողջական եռանդը, ապագայի ընելիքները պէտք է ուղղուած ըլլան այս նպատակին, որուն զուգահեռ նաեւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներու ձեռքբերման, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի իրաւական լուծման եւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներու հատուցման»:
Ապա Պարգեւ Թասլաքեանի խմբավարութեամբ Ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ «Ֆայհա» երգչախումբը, որ մեկնաբանեց «Բամբ Որոտան», «Ով հայոց աշխարհ», «Եա ահըլ էլ արտ» եւ «Կիլիկիա» երգերը:
ՌԱԿ-ի պատգամը փոխանցեց ընկեր Սեւակ Յակոբեան: Ան ըսաւ, թէ Ցեղասպանութեան եղելութիւնը, նկարները եւ ցաւը կանգուն կը մնան հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ` միշտ կենդանի տրոփումով ու այն հաստատ համոզումով, որ Հայ Դատը արդար է ու անզիջանելի, որովհետեւ իրաւունքը չի մեռնիր: Ս. Յակոբեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի անց ցեղասպան թուրքին դրդումով՝ ազրպէյճանցիները իրենց վայրագութիւններով կը խլեն անմեղ հայորդիներու հոգիներ, մինչ արցախահայութիւնը կը մարտնչի իր ազատ ինքնորոշման իրաւունքին ի խնդիր:
Ան ըսաւ, թէ հայերուն համար Ապրիլ ամիսը յիշատակներ, մարտահրաւէրներ ու ապրելու կամք կը խորհրդանշէ, ապա հաստատեց. «Ճշմարտութիւնը աւելի զօրաւոր է, քան մահը. հայ ժողովուրդը չի պարտուիր, իրաւունք չունի պարտուելու, ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները եւ ո՛վ ալ ըլլայ թշնամին»:
Սեւակ Յակոբեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Հայ Դատը անժամանցելի է: Ո՛չ ժամանակը, ո՛չ ալ գերուժեր կրնան զայն փակուած նկատել՝ այնքան ատեն, որ Ցեղասպանութենէն վերածնած պահանջատէր հայութիւնը, կատարեալ գործակցութեամբ եւ բծախնդիր համադրումով կը գործէ փոխընբռնումի ու զիրար ամբողջացնող յստակ կերպով մշակուած համազգային ռազմավարութեամբ» (ընկ․Սեւակ Յակոբեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք անջատաբար):
Ապա ասմունքեց Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան, իսկ Կարօ Քէլէշեան եւ Աւօ Ագրապեան մեկնաբանեցին հայրենասիրական երգ մը, ընկերակցութեամբ Պօղոս Քէլէշեանի:
ՀՅԴ-ի անունով խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ Հայ Դատի հետապնդման գործօնը ինքզինք պարտադրելու նոր կարելիութիւններու դիմաց կը գտնուի, եւ հայկական հարցի հետապնդումը դէպի իրաւական դաշտ մղելու եւ հատուցման թղթածրարը միջազգայնացնելու աշխատանքը՝ անցնող տարուան ընթացքին ստացած է յստակ դիմագիծ ու դարձած բովանդակային լուրջ օրակարգ:
Ան հաստատեց նաեւ, որ հայ քաղաքական միտքին համար հաստատ իրողութիւն է, որ Թուրքիա Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրած ըլլալու պատասխանատուութենէն ոչ մէկ ատեն կրնայ խուսափիլ, ինչքան ալ մեծապետական եւ միջպետական հաշուարկներու վրայ դնէ իր գրաւը եւ շարունակէ կազմակերպել պատմական իրողութեանց խեղաթիւրման արշաւներ ու գործադրէ ժխտողականութեան քաղաքականութիւն: Յ. Հաւաթեան ընդգծեց Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակի ոգեկոչման առիթով պարտաւորութիւնը` ազգովին մշակելու ժամանակակից համազգային անվտանգութեան համակարգ մը:
«Ազգի ու Հայրենիքի ապագային սպառնացող բոլոր վտանգներուն դիմաց, մենք պարտաւոր ենք դառնալ միակամ, ճզմել մեր Հայրենիքի հաւաքական կեանքին մէջ իշխանատենչ եւ հատուածական բոլոր տեսակի ինքնանպատակ դրսեւորումները», ըսաւ ան ու շարունակեց. «Ազրպէյճանական վերջին յարձակումներուն պատճառով համայն հայութիւնը ապրեցաւ հայոց աննման բանակին շուրջ համախմբուելու եւ համազգային զօրակցութիւն դրսեւորելու, զոհուածներու եւ վիրաւորներու ցաւին հետ հաւաքական բաժնեկցութիւն ստեղծելու հայավայել պահեր»:
Իսկ Արցախի կապակցութեամբ Յ. Հաւաթեան ըսաւ, թէ համահայկական ընդհանուր ներուժի կուտակումը անյետաձգելի հրամայական է, եւ Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրները, տնտեսական եւ ներդրումային միջավայրի ձեւաւորումը, հայ դիւանագիտութեան բանակցային բոլոր հոլովոյթներուն մէջ սկզբունքային ու համազգային տեսլականով առաջնորդուելու վճռակամութիւնը, եւ վերջապէս` Արցախի սահմանները անառիկ պահելու անհրաժեշտութենէն բխած բոլոր պահանջներուն գործադրութիւնը՝ իրենք զիրենք կը պարտադրեն մեր համազգային անվտանգութեան օրակարգին մէջ:
Յ. Հաւաթեան անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ու սփիւռքացած հայութեան դիմաց դրուած հրատապ եւ այժմէական սուր խնդիրներուն` կոչ ուղղեց ըլլալու անկեղծ եւ հիմնովին վերատեսութեան ենթարկելու գործելաոճը, շեշտադրելով քաղաքական գործօնի խորացումը եւ ազգային հիմնախնդիրներէ յառաջացած նպատակներուն համար աշխատանքային նոր ոճը:
Ան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Մենք հարուստ ենք մեր պայքարով, մեր նահատակներով, որոնք կը շարունակեն լուսաւորել մեր երթը եւ կ՛իմաստաւորեն մեր ազգի գոյութիւնը: Անոնք կը պարտաւորեցնեն մեզի վեր կանգնիլ եւ մնալ բարձր Հայաստանն ու հայութիւնը ջլատող, ստրկացնող բոլոր տեսակի փորձութիւններէն, դաւադրութիւններէն եւ վարքագիծերէն: Եկէ՛ք միասնաբար երդնունք ընդարձակել պայքարը, որպէսզի ամէն օր քիչ մը աւելի հայանանք ու քիչ մը աւելի մօտենանք վախճանական յաղթանակին: Ապրի՛ մեր պայքարը, թող անսասա՛ն մնայ Հայոց բանակը, որպէսզի հզօրանայ Հայաստանն ու հայութիւնը»:
Ոգեկոչման համաժողովրդային հաւաքը փակուեցաւ «Սարդարապատ» երգով: