Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

Հայ Հոգին

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

24 Ապրիլ…։

Հայու խրոխտ հոգին,  անգամ մը եւս պոռթկումով լեցուած՝ «արդարութիւնն է մեր պահանջքը» աղաղակներով, ուզեց աշխարհի խիղճը ուշքի բերել: Հայկը այն հայ երիտասարդներէն էր, որ 24 Ապրիլի ամբողջ օրը քայլարշաւներով եւ ոգեկոչման հաւաքներով անցնելէ ետք, տուն վերադարձած էր: Ան յոգնած ըլլալով ուղղակի անկողին կը մտնէ:

Յանկարծ կէս գիշերին անծանօթ ձայն մը իր անունը կը կանչէ՝

  • Հայկ, որդիս, վեր կաց:

Հայկ կ’արթննայ եւ կը նստի մահճակալին մէջ, փորձելով աւելի յստակ լսել ականջին հնչած ձայնը: Սակայն քար լռութիւն կը տիրէր: Ոչ ոք գտնելով սենեակին մէջ,  կրկին կը փորձէ քնանալ:

Անգամ մը եւս ձայնը կը կանչէ՝

  • Հայկ, զաւակս, արթնցիր:
  • Ո՞վ է հոս, կը պոռայ Հայկ մահճակալէն դուրս նետուելով:
  • Ես քու նախահօր՝ Հայկի հոգին եմ:
  • Հոգի՞ն…։ Հոգի՞…։ Ինչպէ՞ս կարելի է:
  • Որդիս, ես միշտ հետդ էի, եւ միշտ կը խօսէի քեզի. ինչո՞ւ հիմա կը զարմանաս:
  • Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս խօսած ես ինծի:
  • Որդիս, ես քու ծնած վայրկեանէն մէջդ ծնայ: Առաջին «Ա» տառի արտասանութիւնը եւ արտասանութեան սէրը ես փոխանցեցի քեզի: Հայ գիրքն ու երգը ինձմով կեանք առին մէջդ: Ես էի, որ Հայկական պարի ժամանակ քու զգացումներդ կը շոյէի, որով քու աչքերդ կը ջրոտէին: Եթէ ես հետդ չծնէի, ոչ մէկ ձեւով զիս պիտի ճանչնայիր:
  • Բայց դուն կենդանի ես:
  • Անշուշտ զաւակս, հայու հոգին յաւերժ կենդանի է:
  • Ինչո՞ւ որոշեցիր այսպէս ուղղակիօրէն հետս խօսելը:
  • Այսօր յատուկ կերպով որոշեցի հետդ խօսիլ, որպէսզի իմ հպարտանքը յայտնեմ քեզի եւ քու բոլոր ընկերներուդ, որոնք աշխարհի բարձրահնչեցին, թէ ես կենդանի եմ:
  • Բայց այդպէս է, դուն կենդանի ես:
  • Այո որդիս. բայց ձեր կեցուածքով եւ գործով, այս ճշմարտութիւնը աշխարհի ակներեւ կը դարձնէք:
  • Այսինքն քու կենդանութիւնդ մեր գործերէն կախեալ է:
  • Ճիշդ այդպէս…։ Երբ դուք խօսիք, կեանքը իմ մէջ կ’եռայ: Երբ դուք գործէք, կեանքը կը ցայտի մէջս: Իսկ եթէ մարտնչիք, անմահութիւնս կը բացայայտուի:
  • Հիմա ըսել կ’ուզես, որ յատուկ յայտնուեցար ինծի, որ ըսես այս խօսքերը:
  • Այս դուք գիտէք. ես այլ ըսելիքներ ունիմ ձեզի:
  • Ինչպիսի՞ ըսելիքներ:
  • Այն ինչ, որ տեսայ այսօր եւ կրնամ ըսել, Ապրիլ ամսուայ բոլոր օրերուն, զիս ուրախացուցին: Այսօր կայտառ եմ, բայց տարուայ այլ օրերուն, մահուան աստիճան կը զօրազրկուիմ:
  • Ինչո՞ւ:
  • Ամէն անգամ, որ հայ գիրքը կ’անտեսուի կը տխրիմ: Ամէն անգամ, որ հայ մշակոյթը ծիծաղի առարկայ կ’ըլլայ կ’ընդվզիմ: Ամէն անգամ, որ հայ աւանդութիւններն ու արժէքները ոտնակոխ կ’ըլլան, կեանքը մէջս կը խեղդուի: Որդեակս հսկէ, որ ես ձեզմով միշտ կենդանի մնամ:
  • Մի երթար, մնացիր մօտս:
  • Ես միշտ ձեզի հետ եմ եւ դուք ալ ինձմով կը շնչէք ու կ’ապրիք: Մնանք միասին:

Ի՞նչն է իրաւ հայու ոգին։

Եթէ նայիք ձեր հոգւոյն մէջ,

Պիտի գտնէք մեր պապերէն բազմութիւն մը.

Պիտի գտնէք սաղաւարտեայ բանակ մը հին.

Պիտի գտնէք իմաստութիւնն ու ճրագը մեր վանքերուն։
Ձեր հոգւոյն մէջ պիտի գտնէք
Ձեր լեռներուն ու ժայռերուն մէջ թաքնուած,
Արձագանգի պէս թաքնուած,
Հայու ոգին:                                                           Համաստեղ

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին