*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Բարի լոյս սիրելի ընթերցող: Վերի նկարը առաջին հայեացքով անշուշտ շատ սովորական եւ շատ առիթներով տեսնուելիք նկար մըն է: Սակայն պատահեցաւ, որ անոր հանդիպեցայ հազիւ՝ երբ նստած էի սիւնակս գրելու: Ան միտքս շեղեց ի տես իր մէջ գոյութիւն ունեցող երեւոյթի մը, որ կեդրոնացումս շրջեց…:
Անդրադարձայ, թէ մարդ չկայ այս աշխարհի վրայ, որ չուզեր իր ինքնաշարժը այս ծառերուն պարգեւած շուքին տակ շարել: Դուն արդեօք ասոր հակառակ մարդ կը ճանչնա՞ս: Չեմ կարծեր: Սակայն եկուր սիրելի ընթերցող միասին մտածենք, որ քանի՞ հոգի կը ճանչնանք, որոնք կը ձեռնարկէն ծառ մը ցանել…:
Անշուշտ այս երեւոյթին բարոյականին ու մարդ արարածին զարմանալի էակ մը ըլլալուն շուրջ, շատ մը այլ տխուր օրինակներ ու հակասութիւններ ալ կրնանք յիշել, սակայն եկուր արտօնէ զիս այսօր այսքանով բաւարարուիլ ու մնացած ժամանակով փորձել ծառ մը տնկել…:
Դուն ալ նոյնը ըրէ այսօր սիրելի բարեկամ… այսօրուայ քու գործերդ կարգի դնելէ ետք ձեռնարկէ ծառ մը տնկել: