*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Վերջին օրերու նորութիւններէն է անմարդկային ձեւով թռչուններ կամ կենդանիներ բռնել եւ անոնց հետ սելֆի նկարուիլ ու ընկերային համացանցի միջոցաւ հպարտութեամբ տարածել…:
Այլ մօտա մըն է որսացուած (շատ յաճախ ջարդի մեթոտներով) թռչուններու եւ կենդանիներու առջեւ կանգնած հպարտօրէն նկարուիլ՝ հաւանաբար իբր այսպէս կոչուած «քաջութեան» կամ «տղամարդութեան» չափանիշ…:
Վերոյիշեալներուն կ՛ըսեմ. սիրելի մարդ արարած, պիտի ուզէի՞ր այլ էակ մը քեզի նոյն ճակատագիրին ենթարկեր՝ դիակիդ հետ նկարուելու սիրո՞յն…:
Վայրագութեամբ կենդանի սպաննելը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ոճիր հանդէպ այլ կենդանի էակներու… մինչ զայն որսորդութեան պիտակով արդարացնելը՝ պարզապէս խարդախութիւն ծածկելու տուեալ անձին վայրագ նկարագիրը…:
Նման վայրագութեանց «մարզանք» պիտակը տուողներն ալ կարելի է նմանցնել՝ այսպէս կոչուած այն «քաղաքակրթութիւններուն», որոնք հազարաւոր տարիներ առաջ գոյութիւն ունէին, մինչ անոնց հետ բաղդատած՝ մենք մեզ կը կոչենք լուսաւորուածներ ու յառաջացածներ…:
Վերջացնելու համար պիտի կրկնեմ նախորդ սիւնակներէս մէկուն մէջ արտայայտած այն միտքս, թէ ժողովուրդի մը զարգացման աստիճանը կարելի է ճշդել՝ կենդանիներուն հետ վարուելու անոր ձեւին չափանիշով…: Թող հիմա իւրաքանչիւրը ինք դատէ, թէ որքա՜ն զարգացած է…:
ՅԳ. Վարկածը կ՛ըսէ, որ վերի նկարին մէջի «հերոսներ»ը մինչեւ իրենց նկարահանումն ու սելֆիները աւարտեն, տակաւին քանի մը ամսու եղող տոլֆինը ջուրէն դուրս երկար ժամանակ մնալով շունչը փչած է: